ԶԱՐԵՀ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 16 Օգոստոս 1944ին, Լիբանան)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Զարեհ Մարգարեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սեդա Մարգարեան
Դուստրը՝ Սիլվի եւ Յովհաննէս Չաթիքաշեան եւ զաւակները՝ Արամ, Րաֆֆի եւ Ժանօ
Դուստրը՝ Լիզա եւ Շանթ Եղիքեան եւ զաւակները՝ Արին եւ Վան
Քոյրը՝ Լենա եւ Աւետիս Պատճագսըզեան
Քրոջ զաւակները՝ Սօսի Պատճագսըզեան եւ դուստրը
Գօգօ եւ Լիզ Պատճագսըզեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Սոնա Մարգարեան եւ դուստրը՝ Թալին
Եղբօր զաւակները՝ Մարալ եւ Դրօ Խայալեան եւ զաւակները
Սիլվա եւ Աւօ Ուղուրլեան եւ զաւակները
Աներորդին՝ Սարգիս եւ Անի Խաչերեան եւ ընտանիք (Ֆլորիտա)
Քենին՝ Փօլին Նագգաշեան եւ ընտանիք (Պոսթըն)
Քենին՝ Մելանի Գալանճեան եւ ընտանիք (Ֆլորիտա)
Քենին՝ Հայտի եւ Տէյվիտ Շամլեան եւ ընտանիք (Պոսթըն)
Աներորդին՝ Կարօ Խաչերեան եւ ընտանիք (Ֆլորիտա)
Խնամիները՝ Յարութ եւ Լուսին Եղիքեան
Վահան եւ Քրիսթին Չաթիքաշեան եւ զաւակները
Սեպուհ եւ Սելինէ Եղիքեան եւ զաւակները
Եւ համայն Մարգարեան, Պատճագսըզեան, Չաթիքաշեան, Եղիքեան, Սարգիսեան, Խայալեան, Ուղուրլեան, Մարֆազըլեան, Ինճէյեան, Մարոնեան, Պատալեան, Պայրամեան, Տէրվիշեան, Տէրտէրեան, Յովսէփեան, Փամբուքեան, Ժամկոչեան, Աբանեան, Յակոբեան, Կիրակոսեան, Տէմիրճեան, Չորպաճեան, Խաչերեան, Նագաշեան, Գալանճեան, Շամլեան, Խանճեան, Աքօղլանեան, Ճերմակեան, Պիլանեան, Հէքիմեան, Պետիկեան, Գորգոտեան եւ Մաքիճան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածինե եկեղեցւոյ սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։
ԶԱՐԵՀ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆի՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմի նախկին ատենապետին ու երեսփոխանին մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Սեդա Մարգարեանին, դուստրերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւն:
ԶԱՐԵՀ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, դուստրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶԱՐԵՀ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆի՝ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամին, մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին, դուստրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶԱՐԵՀ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութիւնը, պաշտօէութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, դուստրերուն, ընտանեկան պարագաներոն եւ համայն հարազատներուն։