Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի ախոյեանութեան, ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, ախոյեանի կոչման արժանացաւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արման Անդրէասեան (70 քլկ․ դասակարգ), յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մհեր Մարկոսեան, Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը` 86 քլկ․ դասակարգին մէջ, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Մանուէլ Խնձրցեան (57 քլկ․), Մենուա Եարիբեկեան (74 քլկ․) եւ Յարութիւն Մանուկեան (61 քլկ․):
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 22 երկիրներէ զինուորական ծառայութիւն կատարող մարզիկներ: