

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ վերջերս զգացական այցելութիւն մը կատարեց դէպի Արցախ, հաւանաբար հանդիսանալով 44օրեայ պատերազմէն ետք Արցախ այցելած նահանգային կամ դաշնակցային մակարդակի առաջին պետական պաշտօնատարը:
Կարգ մը շրջաններ այցելելու կողքին, ծերակուտականը հաց կիսեց նաեւ Արցախը պաշտպանող հերոսներու հետ:
«Ինծի համար պատիւ էր Արցախ այցելելու հրաւէր ստանալը: Զգացուած էի յատկապէս Թաղավարդ գիւղին մէջ, ուր հանդիպեցայ հզօր կամքով եւ աննկուն անձերու: Խաղաղ ապրելու անոնց կամքը եւ անոնց՝ հողին նկատմամբ ունեցած սէրն ու յարգանքը ներշնչող եւ զգացական էին միաժամանակ», կը յայտնէ ան՝ աւելցնելով, որ ինք այցելեց նաեւ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը եւ ականատես եղաւ պատերազմէն տուժածները դարմանելու նպատակով հոն տարուող աշխատանքին:

Ըստ Փորթանթինոյի՝ պետական պաշտօնատարներուն եւ քաղաքացիներուն գլխաւոր փափաքներէն էին` Արցախի ինքնիշխանութեան իրաւունքին միջազգային ճանաչման ապահովումնը եւ մարդկային իրաւանց երաշխաւորումը:

Փորթանթինօ հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուսին Ղարախանեանի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ղեկավարներու հետ:
Մարտունիի Թաղավարդ գիւղին մէջ, ան ականատես եղաւ պատերազմի հետեւանքներուն եւ քանդումին, այցելեց ատրպէյճանական ռմբակոծումներէն վնասներ կրած բնակարանները, դպրոցը, գերեզմանը եւ եկեղեցին ու հանդիպումներ ունեցաւ պատերազմէն վերապրողներու հետ:
«Դժուար էր տեսնել նախապէս վառվռուն շրջանի մը կրած վնասները եւ ատրպէյճանական դիրքերուն մօտիկութիւնը եւ անոնց տարած շինարարական աշխատանքները, որոնք յոյժ մտահոգիչ են: Ցաւալի էր նաեւ կենալ շուքին տակ լքուած Շուշիի, ուրկէ շատ հաճելի յիշատակներ ունէի: Յստակ է, թէ ինչպէ՛ս բոլորը վտանգուած են: Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանական նորագոյն բռնարարքներուն ի տես, միջազգային համայնքը պէտք է լուրջ քայլերու դիմէ, զօրակցելու համար հայութեան», կ՛եզրակացնէ ծերակուտականը, որ ատենապետն է Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի ու արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին: