ԱԹԷՆՔ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, յունահայութեան անմիջական հակազդեցութեան շնորհիւ կասեցուած էր Ատրպէյճանի կողմէ հակահայ քարոզչական սադրանքներու արշաւը Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ, որոնք ցոյց կու տային բռնագրուած Շուշին՝ իբրեւ ատրպէյճանական քաղաք:
Դժբախտաբար, հակառակ համայնքի անմիջական միջամտութեան եւ նոյնիսկ յոյն ժողովուրդին ու պաշտօնական շրջանակներուն մէջ յառաջացած ընդվզումին, այս անգամ քարոզչական նոր սադրանք մը երեւան եկաւ Թեսաղոնիկէի Սթավրուփոլի քաղաքապետութեան հանրակառքերու կանգառի մը մէջ, ուր տեղադրուած էր նոր նկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի Լաչինի ճամբան եւ յունարէնով եւ ատրպէյճաներէնով արձանագրուած է «Լաչին, դէպի Շուշի-Ատրպէյճան տանող ճամբան»:
Այս անգամ, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամները գտնուեցան կանգառի վայրը եւ նկարը պատեցին Արցախի «Պապիկին ու Մամիկին» յուշարձանի նկարներով ու Երիտարդական Միութեան զինանշանով:
Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Երիտասարդական Միութիւնը ընկերային ցանցերու էջերու միջոցաւ դատապարտեցին Յունաստանի մէջ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու հակահայ քարոզչական սադրանքները: Անոնք կը նշեն, թէ թոյլ պիտի չտան՝ յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան անունին տակ, մրոտել հայերու պատիւը:
Մասնաւորաբար, Երիտասարդական Միութեան անդամները կը վստահեցնեն, թէ նմանօրինակ անընդունելի արարքներու կրկնութեան առջեւ, անոնք պիտի հակազդեն ամէն միջոցներով: