
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, վաստակաշատ ՀՄԸՄական եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
«ՀՄԸՄական Մարդու Ապրումներով» (2002ին լոյս տեսած Սամուէլ Մկրտիչեանի հատորին խորագիրը – Խմբ․) ամբողջ դար մը բոլորելէ ետք, 25 Նոյեմբեր 2021ին, իր պաշտելի միութեան եւ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ ՀՄԸՄի երիցագոյն սերունդի վերջին ներկայացուցիչներէն Սամուէլ Մկրտիչեան, որուն անունը սերտօրէն կապուեցաւ ՀՄԸՄ խօսքին ու գիրին, գրիչին ու միտքին։
ՀՄԸՄի «Արժանեաց» շքանշանակիր Սամուէլ Մկրտիչեան ծնած էր 1922ին, սասունցի ծնողքէ, Մուֆարղինի` պատմական Տիգրանակերտի մէջ։ Վեց տարեկանին ծնողքին հետ ան անցած է Հալէպ, Սուրիա։
Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսիսքան միաբանութեան Թեր Սենթ դպրոցին մէջ, որմէ ետք ինքնաշխատութեամբ յաջողած է կեանքի ասպարէզ մուտք գործել եւ ոսկերչութեան արհեստը կիրարկել։
Սամուէլ Մկրտիչեանի ՀՄԸՄական գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ Սուրիան, Լիբանանը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները։ ՀՄԸՄ մուտքը կը կատարուի 1933ին, սկաուտութեան ճամբով։ 1937ին ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄի Հալէպի «Եռագոյն» ֆութպոլի երկրորդական խումբին։
Այնուհետեւ, ան երկար տարիներ կը կատարէ իրաւարարութիւն՝ ՀՄԸՄի Հալէպի երկրորդական խումբերու եւ միջմասնաճիւղային մրցումներու ընթացքին։
1960ականներու սկիզբը, Սամուէլ Մկրտիչեան կը հաստատուի Պուրճ Համուտ, Լիբանան եւ 1967ին, ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի պատասխանատուի հանգամանքով՝ ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄի ֆութպոլի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբի առաջին թեքնիք յանձնախումբին, որուն մէջ ան կը գործէ մինչեւ 1984։ Շրջան մը ան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչական եւ փոխատենապետ։
Ֆութպոլիստի, իրաւարարի եւ վարչական պատասխանատուի իր կարողութիւններուն կողքին, Սամուէլ Մկրտիչեան կանուխէն կը ցուցաբերէ գրական շնորհներ։ Իբրեւ մարզական թղթակից՝ ան կ՛աշխատակցի «Արեւելք Մարզաշխարհ»ին։ Իր առաջին թղթակցութիւնները կը կրեն 1946 թուականը։ Տարիներու ընթացքին ան ՀՄԸՄի մասին 200 յօդուածներ կը գրէ քանի մը թերթերու էջերուն։ 1982-1983 ան կը վարէ ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային մամլոյ յանձնախումբի ատենապետութիւնը։
Սամուէլ Մկրտիչեան 1986-1996 կը նուիրուի գեղարուեստական գրականութեան՝ գրելով պատմուածքներ եւ յուշեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով, Սամուէլ Մկրտիչեան 1988ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՛անդամակցի ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղին։ Միաժամանակ, ան կը շարունակէ գրական իր գործունէութիւնը եւ կ՛անդամակցի Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ կը վարէ Լոս Անճելըսի անոր նորաստեղծ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը։
1994ին, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, գնահատելով եղբօր միութենական երկարամեայ գործունէութիւնը՝ զայն կը պարգեւատրէ «Ծառայութեան» շքանշանով։ Չորս տարի ետք, միութեան 80ամեակին, ան կ՛արժանանայ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։
Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան մինչեւ խոր ծերութիւն հաւատարիմ կը մնայ ՀՄԸՄի ազգային-գաղափարական արժէքներուն եւ գրեթէ մինչեւ վերջ կը մասնակցի միութենական կեանքին։