Ի հայրապետութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, եւ հրամանաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Չորեքշաբթի օր լոյս տեսաւ Ազգային առաջնորդարանի նորահաստատ եռամսեայ երկլեզու «Կիլիկա» պաշտօնաթերթի Ա. տարուան (2021) առաջին եւ բացառիկ թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական միամեայ գործունէութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի իրագործած ծրագիրներուն:
Կլենտէյլի մէջ գործող Global Print Inc. տպարանէն լոյսին եկող գունաւոր եւ գեղատիպ տպագրութեամբ օժտուած բացառիկ այս թիւը կը հաշուէ 136 էջեր եւ կարելի մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ Ազգային առաջնորդարանի՝ 16 Հոկտեմբեր 2020էն մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2021 ծաւալած գործունէութիւնը, ոչ միայն Արեւմտեան թեմի հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ, այլեւ հայ-ամերիկեան, համասփիւռքեան եւ համահայկական մակարդակներու վրայ: Բացառիկ այս թիւով նաեւ անդրադարձ կը կատարուի՝ Արցախի 44օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն լոյսին տակ, Ազգային առաջնորդարանի զօրակցական կեցուածքին եւ նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ 24 Ապրիլ 2021ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութեան:
Յայտնենք, թէ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պաշտօնաթերթին խմբագիր նշանակեց Սեդա Գրիգորեանը, առաջին թիւի անգլերէն բաժինի խմբագրութիւնը կատարեց Մարալ Հապէշեան, իսկ Էջադրումը եւ հրատարակութեան պատրաստութիւնը՝ Ալեքս սրկ. Գալայճեան: