ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պատկերասփիւռի նշանաւոր հաղորդավար՝ տոքթ. Մեհմետ Օզ, 30 Նոյեմբերին յայտարարեց իր թեկնածութիւնը իբրեւ հանրապետական՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու աթոռներէն մէկուն համար, Փենսիլվանիայէն:
Տոքթ. Օզ, ինչպէս իր կուռքը՝ Տանըլտ Թրամփ, ոչ մէկ փորձ ունի քաղաքականութեան մէջ: Ան նոյնիսկ չէ ծառայած իբրեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Ամերիկեան հանրութիւնը եւ ամբողջ աշխարհը բաւական տուժեցին հանրածանօթ ապաշնորհ Թրամփէն, որ տոքթ. Օզը նշանակեց Սպիտակ տան մարմնակրթութեան, առողջութեան եւ սնունդի հարցերու խորհուրդի անդամ, իբրեւ նախագահի թեկնածու հանդէս գալէն ետք «Տոքթ. Օզի շօ» հաղորդման մէջ:
Բացի քաղաքական փորձի պակասէն, կան նաեւ քանի մը այլ հարցեր, որոնք պիտի խանգարեն կամ որակազրկեն Ծերակոյտի անդամ ըլլալու թեկնածութիւնը տոքթ. Օզի: Հակառակ բժիշկ ըլլալուն, ան բժշկական չհիմնաւորուած բազմաթիւ խորհուրդներ տուած եւ խթանած է կասկածելի բուժումներ, ինչպէս օրինակ՝ սակաւակերութեան դեղահատները եւ «հայտրոքսիքլորոքին»ը՝ պսակաձեւ ժահրին դէմ Թրամփի կեղծ դեղամիջոցը, որմով ան, իր գրպանը հարստացնելու համար, վտանգի կ՛ուզէր ենթարկել ամերիկեան հասարակութեան առողջութիւնը: Ան ցնցիչ առաջարկ մը ներկայացուցած էր FOX-TV-ին՝ ըսելով, որ «երկրին մէջ դպրոցներու վերաբացումով, «քովիտ»ի մահուան դէպքերու 2-3 տոկոս աճը կրնայ ընդունելի այլընտրանք ըլլալ»:
Ըստ «Ուիքիփետիա»ի՝ տոքթ. Օզ «առաջ մղած է կեղծ գիտութիւնը եւ այլընտրանքային բժշկութիւնը, այս պատճառով ալ դատուած է բժիշկներու, պետական պաշտօնեաներու կողմէ եւ հրապարակուած գրութիւններով, ներառեալ՝ British Medical Journal-ի, Popular Science-ի եւ The New Yorker-ի կողմէ, չապացուցուած ապրանքներու եւ ոչ-գիտական խորհուրդներու հաւանութիւն տալուն համար: 2014ին, British Medical Journal-ը հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը՝ ցոյց տալով, որ առաջարկներուն կէսէն աւելին բժշկական «Թաք շօ»ներու շարքին, ներառեալ՝ «Տոքթ. Օզի շօ»ն, կա՛մ ապացոյցներ չունէին, կա՛մ կը հակասէին բժշկական հետազօտութիւններուն»:
Միւս հարցը այն է, որ տոքթ. Օզ Ծերակոյտի համար անդամ կ՛առաջադրուի Փենսիլվանիայէն, թէեւ ան չի հանդիսանար այդ նահանգի բնակիչ: Ան կ՛ապրի Նիւ Ճըրզիի մէջ իր հսկայ առանձնատունը, ինչ որ կը խախտէ Փենսիլվանիոյ մէջ քաղաքական պաշտօնի համար առաջադրուելու բնակութեան պահանջը: 2020ի աւարտին, ան իր բնակութեան հասցէի արձանագրութիւնը փոխեց՝ Փենսիլվանիոյ մէջ գտնուող իր զոքանչին պատկանող տան հասցէով, որպէսզի Փենսիլվանիոյ մէջ ընտրելու իրաւունք ձեռք բերէ: Միակ կապը, որ ան ունի այս նահանգին հետ այն է, որ աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ՝ 1986ին, աւարտած է Փենսիլվանիոյ համալսարանը:
Վերջապէս, առանց փափաքելու նուաստացուցիչ բան ըսել այս մարդուն թրքական ծագման մասին, մեզի կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ ընտրուելու պարագային՝ տոքթ. Օզ արդեօք հանդէս պիտի գա՞յ իբրեւ թրքական կառավարութեան խօսնակ, թէ պիտի ծառայէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Իր թեկնածութեան մասին յայտարարելէ ետք, քանի մը օրուան ընթացքին գրուեցան որոշ յօդուածներ, որոնք կասկածի տակ դրին անոր անվերապահ հաւատարմութիւնը Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ, իբրեւ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի երկքաղաքացի: Թէեւ տոքթ. Մեհմետ Օզ ծնած է Օհայօ, ան իր մանկութեան ամառները անցուցած է Թուրքիա եւ երկու տարի ծառայած՝ թրքական բանակին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հայկական հարցերու գծով անոր դիրքորոշման, կայ երկու ակնարկ.
1) 2014ին, Ուաշինկթըն գտնուող Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութեանց խորհուրդը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իր «գլխաւոր ծրագիր»ին՝ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, տոքթ. Օզի մասնակցութեան մասին: Այսուամենայնիւ, տոքթ. Օզի խօսնակը «Ասպարէզ» թերթին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ գրեց, թէ «Տոքթ. Օզ որեւէ կապ չունի անոր հետ»:
2) 2008ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ ինծի կը շնորհէին «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանը, տոքթ. Օզ նոյնպէս այդ շքանշանի դափնեկիրներէն էր: Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ, իմ ողջոյնի խօսքիս ընթացքին, այն պահուն, երբ ըսի, որ ես Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ եմ, տոքթ. Օզ ոտքի ելաւ իր նստած տեղէն եւ լքեց դահլիճը: Անոր հանդէպ արդար ըլլալու համար ըսեմ, որ ասիկա կրնար զուտ պատահականութիւն ըլլալ:
Այսուամենայնիւ, տոքթ. Օզի կը մնայ պարզաբանել իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որ արդէն ճանչցուեցաւ Քոնկրեսի զոյց պալատներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ: Տոքթ. Մեհմետ Օզի իրական հաւատարմութիւնը կը բացայայտուի, եթէ ան որեւէ դժկամութիւն ցուցաբերէ քննադատելու իր լաւ ընկերոջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ իրականացուած մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները:
Հակառակ իր հանրածանօթ ըլլալու կարգավիճակին, տոքթ. Օզի կը սպասէ դժուար պայքար, իր քաղաքական արշաւին մէջ: Ծերակոյտի անդամ դառնալու իր ընտրապայքարին մէջ, ան նախ պիտի մրցի հանրապետական տասնեակ այլ թեկնածուներու հետ: Եթէ ան յաղթահարէ այս հիմնական խոչընդոտը, ապա դէմ յանդիման պիտի գայ դեմոկրատական իր մրցակիցին հետ: Ներկայ հանրապետական ծերակուտական Փէթ Թումի յայտարարած է թոշակի անցնելու իր որոշումին մասին:
Տոքթ. Օզ յայտնուած է ամերիկեան լրատուական միջոցներու անողոք յարձակումներու տակ՝ անցեալի իր կասկածելի յայտարարութիւններուն համար: Տոքթ. Տէյլ Սամըրզ յօդուած մը գրած է The Daily Beast-ի մէջ՝ «Կը խնդրեմ մի՛ ընտրէք Տոքթ. Օզը. ան խայտառակութիւն է մեր մասնագիտութեան համար» վերնագիրով: «Ես կ՛ողջունեմ այս հեռանկարը այն ոգեւորութեամբ, որ պիտի ունենայի փորհարութեամբ հիւանդանալու ժամանակ…։ Ան տարիներ շարունակ իր հաղորդման մէջ քարոզած է կեղծ գիտութիւն», ըսած է Սամըրզ:
Ուրիշ յօդուածի մը մէջ, The Daily Beast-ի թղթակից Մէթ Ուիլսթայն կը հաղորդէ կատակերգու Սթիւըն Քոլպըրթի՝ հեռատեսիլով կատարած հեգնական մեկնաբանութիւնները տոքթ. Օզի քաղաքական հեռանկարներուն մասին: Յօդուածը վերնագրուած էր «Սթիւըն Քոլպըրթ կը մերկացնէ յայտնի «ստախօս» տոքթ. Օզը Փենսիլվանիայէն՝ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն ընդառա»ջ: Քոլպըրթ ծաղրած է տոքթ. Օզի այն յայտարարութիւնը, թէ իր թեկնածութիւնը «պիտի օգնէ վերստին վառելու «աստուածային կայծը» իւրաքանչիւր ամերիկացիի ներսը»: Ան նշած է, որ տոքթ. Օզ, նախքան իր գլխարկը քաղաքական մրցաբեմ նետելը, ունեցած է «ստախօսի շահութաբեր ասպարէզ՝ առողջապահութեան մասին կասկածելի խորհուրդներ տալով հեռատեսիլէն»: Քոլպըրթ այնուհետեւ աւելցուցած է՝ ըսելով. «Բայց տոքթ. Օզի մօտ կրնան ըլլալ ոչ միայն բժշկական կեղծ յայտարարութիւններ, այլեւ՝ կեղծ յայտարարութիւններ Փենսիլվանիոյ մասին, որովհետեւ ան այդտեղէն է որ կ՛առաջադրուի, թէեւ տարիներ շարունակ ապրած է Նիւ Ճըրզի»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի խմբագրական էջի խմբագիրի տեղակալ եւ սիւնակագիր Քերըն Թումըլթի յօդուած մը գրած է՝ «Ինչ կը պակսի տոքթ. Օզի Ծերակոյտի քարոզարշաւին» վերնագիրով: Թումըլթի կ՛ըսէ. «Օզ այժմ ինքզինք առաջարկած է որպէս դեղատոմս անոր դէմ, ինչ որ ցաւ կը պատճառէ քաղաքականութեան: Զիս նկատեցէք թերահաւատ մը այն մասին, որ Փենսիլվանիոյ ընտրողները կ՛ընդունին այն գաղափարը, թէ Օզն է իրենց փնտռած բուժումը»:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ տոքթ. Օզի հանրածանօթ կարգավիճակը կը յաղթահարէ՞ անոր քաղաքական անփորձութիւնը եւ բժշկական կեղծ բուժումները, թէ ո՛չ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ