
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ ատրպէյճանական գերութենէն վերադարձած 4 զինուորներու բանտարկութեան իրաւաչափութեան՝ զայն ոչ-համոզիչ նկատելով եւ ներկայացնելով համապատասխան հիմնաւորումներ:
Խօսքը, մասնաւորաբար 14 եւ 16 Նոյեմբեր 2021ին ատրպէյճանական զինուած յարձակումներէն ետք գերի ինկած եւ աւելի ուշ Հայաստան վերադարձած եւ ձերբակալուած Հայաստանի զինուորներուն մասին է:
Թաթոյեան նշեց, որ իր յայտարարութիւնը հիմնուած է «Նուբարաշէն» եւ «Արմաւիր» բանտերուն մէջ նշուած զինուորներուն, փաստաբաններէն քանի մը հատին հետ 14 Դեկտեմբերին Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին առանձնազրոյցներուն, փաստաթուղթերուն ուսումնասիրութեան ու համադրման վրայ՝ հաշուի առնելով գերեվարման հանգամանքները եւ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ներպետական ու միջազգային գործիքակազմը:
Կը նշուի, որ իբրեւ հիմք նկատի առնուած են վերոնշեալ զինուորներուն վերագրուող արարքներու, ինչպէս նաեւ անոնց գերութեան հանգամանքներու ուսումնասիրութիւնը, քրէական դատավարութեան հետ կապ չունեցող՝ Հայաստանի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու կարգ մը բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու այն հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը պնդեն, թէ զինուորներուն արարքներու մէջ յանցագործութիւններու յատկանիշներ կան, եւ որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները եւ չեն բխիր օրէնքէն, մանաւանդ որ հոն կայ կանխակալ վճիռ: Այդ պնդումները ստեղծած են նաեւ կանխակալ պատկերացումներ հայաստանեան հասարակութեան եւ միջազգային հանրութեան տարբեր շրջանակներու մէջ՝ նշուած զինուորներուն վերագրուող յանցանքներուն մէջ անոնց մեղքի հաստատուած ըլլալու առնչութեամբ:
«Ուստի, քրէական դատավարութեան հետ կապ չունեցող բարձրաստիճան պաշտօնեաների նշուած յայտարարութիւնները քրէական հետապնդում իրականացնող մարմնի եւ կալանքի հարցերը քննող դատարանների համար առաջ են բերել կալանաւորումների իրաւաչափութեան հաստատման բարձր շեմ՝ առաւել համոզիչ կերպով ու բարձր չափանիշով ցոյց տալու, որ գերեվարուած զինծառայողների նկատմամբ քրէական հետապնդումն ու առաւել եւս նրանց կալանաւորումները չեն արուել գործադիր ու օրէնսդիր մարմինների բարձրաստիճան պաշտօնեաների նշուած յայտարարութիւնների ազդեցութեան ներքոյ: Դա անհրաժեշտ է անել նաեւ հրապարակային՝ հաշուի առնելով հարցի լայն հանրային հետաքրքրութիւնը եւ միջազգային լայն արձագանգները: Այս պահի ուսումնասիրութիւնները վկայում են, որ յիշեալ կալանաւորումների իրաւաչափութիւնն այդ շեմը չի բաւարարում», նշեց Թաթոյեան:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ նաեւ, որ կան բազմաթիւ ապացոյցներ առ այն, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը, իրաւապահ մարմինները եւ այլ ծառայողներ հայ գերիներու նկատմամբ գործած են տարբեր յանցանքներ, արձանագրուած է գերիներու իրաւունքներու միջազգային կանոններու խախտում, հայրենադարձութեան արհեստական ձգձգում: «Ուստի, Մարդու իրաւունքների պաշտպանի գրութեամբ պարզաբանումներ կը պահանջուեն այն մասին, թէ ՀՀ քրէական հետապնդման մարմինն ինչ միջոցնէր է ձեռնարկել ՀՀ զինծառայողների իրաւունքների խախտումների, այն է՝ նշուած յանցանքների մէջ մեղաւոր անձանց պարզելու եւ նրանց քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելն ապահովելու ուղղութեամբ», յայտնեց ան:
Ըստ անոր՝ պարզաբանման ենթակայ է նաեւ այն հարցը, թէ քրէական քաղաքականութեան ինչ կանոններ հիմք ծառայած են գերութենէն վերադարձած զինուորներու կալանքի միջնորդութիւններ ներկայացնելու:
«Յատուկ նշում եմ, որ այս յայտարարութիւնով քրէական հետապնդման մարմինների կողմից նշուած հարցերով քրէական գործեր կամ քրէական հետապնդումներ յարուցելը կամ չյարուցելը կասկածի տակ չի դրւում. այն վերաբերում է գերությունից վերադարձախ 4 զինծառայողներին ազատութիւնից զրկելու, այն է՝ կալանաւորելու իրաւաչափութեանը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: