
ԵՐԵՒԱՆ․- «Սատարենք Մեր Հերոսներուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (АМАА) ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր մը, ըստ որուն, АМАА-ը պիտի հովանաւորէ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի 16 տուներէն 6ին շինարարութիւնը։
AMAA-ի մասնակցութիւնը այս ծրագիրին՝ Արցախը վերականգնելու եւ զայն վերաբնակեցնելու առաքելութեան մէկ մասն է: Պատերազմէն անմիջապէս ետք, AMAA-ը դարձեալ ձեռնամուխ եղած է՝ ոչ միայն առաջին օգնութիւն տրամադրելու, այլեւ օգնելու վերակառուցելու համար քանդուածը: Մինչեւ այսօր՝ AMAA-ը Արցախի մէջ նորոգած է 17 տուն, Ստեփանակերտ եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ։
«Սատարենք Մեր Հերոսներուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը 2021ի Յունուարին: Արցախի կառավարութեան կողմէ կազմակերպութեան նուիրաբերուած է 3 հեկտար հողատարածք: Կազմակերպութիւնը արդէն ամբողջացուցած է հողային ուսումնասիրութեան բոլոր աշխատանքները եւ նոր թաղամասի 16 սեփական բնակելի տուներու, ինչպէս նաեւ՝ թաղային ենթակառուցուածքներու եւ հանրային զբօսայգիին համար մշակած է մանրամասն նախագիծեր եւ նախահաշիւ: Նոյն ժամանակ, կազմակերպութեան դիմումին հիման վրայ, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ծրագիրը ճանչցուած է իբրեւ բարեգործական։

Նախիջեւանիկի մէջ հողային աշխատանքները արդէն սկսած են: Այժմ կը կատարուին հարթեցման եւ հիմքերու քանդման աշխատանքներ։
Իբրեւ Քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ, աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի www.amaa.org կայքէջը։
(Թղթակցութիւնը՝ АМАА-էն)


