ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը 17 Դեկտեմբերին համալսարանի նախագահ ընտրեց Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, որ ցարդ կը վարէր նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները:
Նոր նախագահի ընտրութենէն ետք, ուսանողները բողոքի ցոյց կատարեցին՝ բողոքելով կրթական հաստատութեան քաղաքականացման ուղղուած` իշխանութեան ջանքերուն դէմ: Երիտասարդները համալսարան եկան «Ո՛չ բուհերի քաղաքականացմանը» գրութեամբ թռուցիկներով եւ պաստառներով:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները եւ բողոքի ցոյցին մասնակցողները յիշեցուցին, որ յեղափոխութիւն կատարելու ընթացքին «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամները կը բողոքէին համալսարաններու ու դպրոցներու քաղաքականացման դէմ, իսկ ներկայիս՝ իշխանութիւն դառնալէ ետք, նոյն բանը կ՛ընեն։