ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ Ա․ ԿԻՒԹԵՐԵՇ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ, աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիթ, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիիթ եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով․ ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով․ անիկա պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանին համար, եւ թէ ինք եկած է լսելու համայնքային ու քաղաքական ղեկավարներու տեսակէտները ու զանոնք համադրելով ներկայացնելու ՄԱԿի յատուկ մարմիններուն:
Դռնփակ հանդիպումին ընթացքին համայնքապետերը յաջորդաբար խօսք առին եւ պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները:
Արամ Ա․ կաթողիկոսը Նիւ Եորքի ու Պէյրութի օդակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղարին խօսքէն մէջբերում մը կատարելով ըսաւ․ «Դուք եկած էք ձեր զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանին. ա՛յս է ձեր պատգամը Լիբանանին: Մեր պատգամն է ձեզի՝ օգնեցէք Լիբանանին, որովհետեւ ծանր հիւանդ է Լիբանանը»: Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառը ըսաւ․ «իբանանցիները եւ Լիբանանի բարեկամները խօսելով Լիբանանը դիմագրաւող տագնապներու մասին, կ՛անդրադառնան անոնց հետեւանքներուն միայն՝ զգուշանալով անոնց տուն տուող հիմնական պատճառները քննելէ: Ներկայ կացութիւնը պատահական եւ անակնկալ երեւոյթ մը չէ, այլ՝ անիկա տարիներու վրայ տարածուած բազմազան ու այլազան պատճառներու հետեւանք է: Փաստօրէն կարելի չէ Լիբանանեան տագնապը լուծել առանց անդրադառնալու այդ հիմնական պատճառներուն»։ Ապա չորս կէտերու մէջ կաթողիկոսը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի տագնապներու ետին կանգնող պատճառներուն.

«Առաջին՝ Լիբանանի քաղաքական դրուածքին համայնքային դրութիւնը թէ՛ Լիբանանի հարստութիւնն է եւ թէ իր խոցելիութիւնը, որ առիթ կու տայ ուրիշներուն՝ միջամտելու Լիբանանի ներքին հարցերուն: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է համայնքային դրութիւնը պահելով հանդերձ զայն դարձնել ապակեդրոն, թափանցիկ եւ համարատու:
«Երկրորդ՝ քաղաքական պատասխանատուներուն յաճախ անպատասխանատու եւ շահադիտական մօտեցումները, որոնք պատճառ դարձած են անարդարութեան ու փտածութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է պետական պաշտօններ ստանձնած մարդոց համար համարատուութեան յստակ ուղեգիծ ճշդել՝ ներառնելով նաեւ պատժական միջոցներ:
«Երրորդ՝ Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն սպասելի է որ յարգեն Լիբանանի անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը՝ պահելով հանդերձ իրենց պատմական ու կրօնական յարաբերութիւնները:
«Չորրորդ՝ Լիբանանը պէտք է վերահաստատէ իր ինքնաճանաչումը իբրեւ պետութիւն՝ շեշտելով օրէնքի գերակայութիւնը եւ պետութեան կեդրոնական հեղինակութիւնը»:
Արամ Ա․ յայտնեց, որ յիշեալ եւ առնչակից հարցերը անհրաժեշտ է որ քննարկուին լիբանանցիներու կողմէ՝ լուրջ, պատասխանատու եւ համապարփակ երկխօսութեան ճամբով:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, կաթողիկոսը անդրադարձաւ ՄԱԿի դերակատարութեան: Ան ըսաւ, թէ որոշ չափով ծանօթ ըլլալով ՄԱԿի պատասխանատուութեան, կը խորհի թէ երեք ուղղութեամբ անիկա կրնայ օգտակար դառնալ Լիբանանին, կարճաշունչ եւ երկարաշունչ աշխատանքներով ու ծրագիրներու մշակումով: Այս շրջագծին մէջ, վեհափառը յատկապէս շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.
«Ա) Անհրաժեշտ է որ ՄԱԿը կոչ ուղղէ միջազգային համայնքին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ անմիջական օգնութիւն կատարելու Լիբանանին մասնաւորաբար մարդասիրական, ընկերային ծառայութեան, առողջապահական ու կրթական մարզերուն մէջ:
«Բ) Անհրաժեշտ է որ ՄԱԿը մղէ Լիբանանի կառավարութիւնը հիմնական բարեկարգութեան գծով անմիջական եւ շօշափելի քայլեր առնելու, յառաջիկայ ընտրութիւններու թուականը ճշդելու եւ այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ պետական կազմալուծուած կառոյցները վերակազմակերպելու եւ օգտակար դառնալու ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն:
«Գ) Անհրաժեշտ է որ ՄԱԿը յիշեցնէ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որ գործնապէս աջակից դառնան Լիբանանին, որպէսզի անիկա կարենայ իր վէրքերը դարմանել, տնտեսութիւնը վերականգնել եւ իր քաղաքական դերը վերստանձնել յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ»:
Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա․ ըսաւ, որ այս բոլոր քայլերէն առաջ եւ անդին ՄԱԿը պէտք է զգուշացնէ միջազգային համայնքը, թէ խաղաղ եւ բարգաւաճ Լիբանան մը կարեւոր նպաստ մըն է մարդկային քաղաքակրթութեան, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան ու գոյակցութեան. սակայն տագնապալից Լիբանան մը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ նոյնիսկ անդին:
Յայտնենք, որ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ եւ ետք, Արամ Ա․ առիթը ունեցաւ կարճ խօսակցութիւն ունենալու ընդհանուր քարտուղարին հետ Հայաստանի ու Արցախի մասին: