
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Մարսէյլի մէջ կազմուած է նոր մանկական երգչախումբ մը։ Սահակ-Մեսրոպ մշակոյթի կեդրոնի վարչական խորհուրդը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որմով կը տեղեկացնէ, թէ «Էջմիածին» կը կոչուի նորաստեղծ մանկական երգչախումբը։
Մարսէյի Ս. Թարգմանչաց Մայր տաճարի յարակից կը գործէ այս մշակոյթի կեդրոնը։ Նորաստեղծ մանուկներու երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը վստահուած է Արամ Բալեանին։ շ
Եկեղեցւոյ յարակից «Ջրբաշեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթը երկու անգամ փորձ նախատեսուած է։ Նախաձեռնարկ մշակոյթի կեդրոնը կոչ կ՛ուղղէ՝ որ նորաստեղծ երգչախումբի փորձերուն ներգրաւուին այն բոլոր մանուկները, որոնք կը սիրեն հայ ազգային, աւանդական եւ հոգեւոր երգերը։ Նորաստեղծ երգչախումբի առաջին փորձը նախատեսուած է յառաջիկայ տարեմուտին՝ 12 Յունուար 2022ին, Ս. Ծնունդէն անմիջապէս ետք։
Մարսէյի մէջ կը գործէ Հայկական Սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր երգչախումբերէն մին՝ Ս. Թարգմանչաց Մայր տաճարի «Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս» երգչախումբը։ Նախկին պոլսահայու մը՝ Խաչիկ Եըլմազեանի, տասնամեակներու ջանքերով կայացած յաւակնոտ խումբ մըն է անիկա։
Նկատի ունենալով, որ Մարսէյի շրջանին մէջ կուտակուած է լուրջ մարդուժ՝ այժմ մանկներու նոր երգչախումբի մը կազմութեան նախաձեռնութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայկական մշակութային կեանքի կենսունակութեան երկարաժամկէտ ապահովման տեսակէտէն։ Նորաստեղծ «Էջմիածին» մանկանան երգչախումբի յաջողութեան տեսակէտէն, նպաստաւոր գործօն մըն է, որ Մարսէյի մէջ կը գործէ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը՝ Համազգայինի հովանաւորութեամբ։