ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ

Իւրաքանչիւր մարդկային կեանք լի է դժուարութիւններով, եւ համապատասխան անհատի նկարագրին եւ խառնուածքին, այդ դժուարութիւնները լաւագոյն ձեւով յաղթահարւում են, կազմելով անձի կեանքի պատմութիւնը՝ սկզբից մինչեւ աւարտ:
Բախտաւոր են այն անձինք, որոնք կարողանում են ճիշդ ապրել, ճիշդ ուղի են ընտրում եւ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը անսայթաք ընթանում են այդ ճանապարհով: Այդպիսի անհատներից էր ընկ. Զարեհ Մարգարեանը, որին յաջողուեց հաստատակամ ընթանալ իր ընտրած մայրուղիով, առանց զարտուղի ճանապարհների մէջ ընկնելու: Հասարակական եւ ընկերային կեանքի որ ոլորտում էլ որ նա իր մասնակցութիւնը բերեց, գործեց հաւատով եւ անշահախնդիր նուիրումով:
Շատերը շատ բան կարող են պատմել նրա մասին եւ դրուատանքի բազում խօսքեր ասել, քանի որ նրա ներգաղութային վաստակը մեծ է եւ գործունէութեան դաշտը՝ ընդգրկուն: Իմ կարճ խօսքը սրտի խօսք է, հիմնուած Համազգայինի Շրջանային վարչութեան այն տարիների համատեղ գործունէութեան վրայ, որ ունեցել եմ ընկ. Զարեհի հետ: Այն պատիւ է եղել ինձ համար եւ օրինակ՝ գործելու շիտակօրէն եւ աներեր: Իր կերպարով նա մշտապէս հաւատ եւ յարգանք է ներշնչել ինձ, որ պահում եմ առ այսօր: Եւ կրկին, բախտաւոր են բոլոր նրանք, որոնք իրենց ետեւից բարի յիշատակ են թողնում, կեանքն իմաստաւորելու պատգամ:
Ինչպէս Գարեգին Նժդեհն է ասում՝ չկայ աւելի զարհուրելի բան, քան անիմաստ ապրած կեանքը: Իսկ ընկ. Զարեհ Մարգարեանի ապրած կեանքը իսկապէս իմաստալից է եղել, եւ ինքը հանգիստ խղճով է հրաժեշտ տուել երկրային կեանքին: Ինչպէս ընտանիքում, որպէս ամուսին եւ հայր, այնպէս էլ ազգային կեանքում լիուլի կատարել է իր պարտքը, եւ մահը միայն կարողացել է ընդհատել այն: Նա կը շարունակի ապրել բոլոր ազնիւ մարդկանց մտքում եւ սրտում, որպէս մի մարդ, որ եղաւ լաւ մարդ եւ լաւ հայ, տուեց ու անցաւ:
Ծաղիկներ իր յիշատակին եւ խաղաղութիւն իր հոգիին:
—————————
Զարեհ Մարգարեան
Զարեհ Մարգարեան ծնած է Լիբանան, 16 Օգոստոս 1944ին եւ երիցագոյնն է Մարգար եւ Սիրվարդ Մարգարեաններուն, երեք եղբայրներու եւ մէկ քրոջ կողքին: Ան իր համեստ եւ ծառայասէր բնաւորութեամբ կը դառնայ ընտանիքին եւ շրջապատին սիրոյ եւ գուրգուրանքի էակը:
Նախնական եւ երկորդական կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք՝ կը յաճախէ Պէյրութի Establishment Oriental College-ը եւ կը հետեւի գիշերային դասընթացքներու: Աւարտելէ ետք, մուտք կը գործէ կեանքի ասպարէզ եւ կը դառնայ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ընկերային ծառայութեան (Movement Social) բաժանմունքի կեդրոնական դեղարանի տնօրէնի օգնական, մինչեւ իր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը:
Փոքր տարիքէն, Զարեհը մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի Թրատ (Նոր Ատանա) թաղամասի ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան՝ ստանձնելով վարչական պատասխանատուի պարտականութիւններ, 1959էն մինչեւ 1965: Ան կը մասնակցի պատանեկան միութեան կողմէ կազմակերպուած թատերական երկու ներկայացումներու՝ Պուրճ Համուտի «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ. առաջինը՝ «Մեծապատիւ Մուրացկանները»ը՝ բեմադրութեամբ Թաթուլ Այնէճեանի, երկրորդը՝ «Զահրումարը» բեմադրութեամբ Գառնիկ Գազանճեանի:
Հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած իր սէրոյն պատճառով, 1965ին ան կը միանայ Պուրճ Համուտի Համազգայինին՝ մասնակցելով աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կ՛անդամակցի Պէյրութի ՀՄԸՄին՝ մաս կազմելով հեծելարշաւի խումբին՝ նախ իբրեւ մարզիկ, ապա այդ օրերու հանրահռչակ մարզիչ Յովհաննէս Ծատուրեանի օգնական:
1965ին, կնքահայրութեամբ ողբացեալ Կարօ Սասունիի՝ կը միանայ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ կը դառնայ Թրատ թաղամասի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան անդամ: Ան հաւատարմօրէն կը մնայ եւ կը ծառայէ իր սիրած ու պաշտած կուսակցութեան՝ մինչեւ իր վերջին շունչը:
1975ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Պոսթըն, ուր կ՛ընդունուի Massachusetts General Hospital նշանաւոր հիւանդանոցի դեղարանի բաժինին մէջ եւ կը գործէ իբր վկայեալ դեղագէտ (pharmacy technician), յարգուելով պաշտօնեաներու եւ պատասխանատուներու կողմէ, արժանանալով շարք մը գնահատագիրներու: Նաեւ կամաւոր կերպով կը կատարէ Միջին Արեւելքէն ժամանած հիւանդներու համար թարգմանութիւն՝ անգլերէնէ արաբերէն եւ հակառակը:
9 Նոյեմբեր 1975ին, ան ընտանիք կը կազմէ Սեդա Խաչերեանի հետ: Ամոլը կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Սիլվի եւ Լիզա, որոնք կը յաճախեն Պոսթընի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու վարժարանը՝ «Ծիծեռնակաբոյն», ինչպէս նաեւ մաս կը կազմեն շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն եւ Համազգայինի պարախումբին:
Հանգուցեալ Զարեհը Պոսթընի մէջ, նաեւ կը միանայ շրջանի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան՝ ստանձնելով պատասխանատու պարտականութիւններ, ապա 1986ին, երբ կը փոխադրուի Քալիֆորնիա, կը փոխանցուի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ երկար տարիներ հաւատարիմ իր գաղափարին՝ կը շարունակէ գործել եւ ծառայել: Իսկ 2017ին, երբ բնակութիւն կը հաստատէ Փասատինա, երկու տարի ետք կը միանայ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը:
Զարեհը, բազմաթիւ անգամներ կը մասնակցի շրջանային Ընդհանուր ժողովներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի մէջ կ՛ընտրուի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ՝ ապա վարչութեան ատենապետ:
Համազգայինի մէջ ալ գործօն՝ Զարեհը կ՛ընտրուի Պոսթընի մասնաճիւղին կողմէ ներկայացուցիչ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի այդ ժամանակներու Միացեալ շրջանային վարչութիւններու կազմին, ապա հիմնադիր-անդամ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Համազգայինի առաջին Շրջանային վարչութեան՝ իբրեւ քարտուղար:
1981ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի Ոսկեայ շքանշանով:
Հանգուցեալը Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք կ՛ընդունուի ու կը գործէ Veterans Medical Center-ի Սեփուլվետա շրջանի հիւանդանոցի դեղարանի բաժինին մէջ՝ իբրեւ վկայեալ դեղագէտ, մինչեւ 2014ին հանգստեան կոչուիլը եւ կ՛արժանանայ բազմաթիւ գնահատագիրներու:
Անդամ էր American Society of Health System Pharmacist Organization-ին, ինչպէս նաեւ California Society of Health System Pharmacist & Technician-ի Սան Կապրիէլ հովիտի շրջանի կազմակերպութիւններուն:
2001ին, Զարեհը կը մասնակցի Ամսթերտամի, Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի դեղագործներու եւ դեղագէտներու համագումարին, մաս կազմելով Ամերիկայի ներկայացուցիչներու խումբին:
Լոս Անճելըսի մէջ ալ, Զարեհը կը միանայ Համազգայինին, անցեալի փորձառութեամբ կ՛ընտրուի ատենապետ եւ երկար տարիներ կը ծառայէ Կլենտէյլի մասնաճիւղին մէջ: Իր օրերուն՝ 1989ին, կը ստեղծուի մանկապատանեկան խմբակը, կազմուած շուրջ 300 պատանի-պարմանուհիներէ եւ երիտասարդներէ, որոնք կու գան ու կը մասնակցին պարային, թատերական ու երգչախմբային աշխատանքներուն: Սոյն աշխատանքներու յաջողութեան մէջ մեծ դեր կ՛ունենայ նաեւ Զարեհի կինը՝ Սեդան, եւ իր երկու դուստրերը՝ Սիլվին ու Լիզան:
Ան երկու շրջան կ՛ընտրուի եւ մաս կը կազմէ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան՝ իբրեւ քարտուղար: Հայաստանի մէջ, Զարեհը կը մասնակցի առաջին անգամ կազմակերպուած՝ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին:
2008ին, Պոսթընի ՀՄԸՄի մասնաճիւղի 35ամեակին, տեղւոյն վարչութեան կողմէ հրաւիրուելով՝ կը պարգեւատրուի՝ իբրեւ անցեալի ատենապետ:
Հանգուցեալ Զարեհ Մարգարեան առաւել քան քսան տարիներ ծառայած է Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար՝ հոգաբարձութեան քարտուղարի, ապա ատենապետի եւ ազգային երեսփոխանի յանգամանքներով:
2010ին, եկեղեցւոյ 35ամեակի ուրախ առիթով, նախկին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի «Գիր Օրհնութեամբ», իսկ 2015ին՝ եկեղեցւոյ 40ամեակին առիթով, հոգաբարձութեան կողմէ գնահատական յուշատախտակով եւ 2017ին՝ Ազգային երեսփոխանական ժողովին, սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան կողմէ՝ տարուան լաւագոյն հասարակական գործիչի Գնահատագիր յուշատախտակով:
3 Նոյեմբեր 2018ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ կազմակերպուած Համազգայինի 90ամեակի եւ Արեւմտեան շրջանի 50ամեակի հանդիսաւոր կալա-պարահանդէսին ընթացքին, Զարեհը կը գնահատուի հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ երկար տարիներու յոյժ կարեւոր ծառայութեան համար, իբրեւ հաւատաւոր եւ արժանավայել Համազգայինական:
Հանգուցեալ Զարեհը եղած է բարի ամուսին, հոգատար հայր, մեծ հայր, եղբայր, հօրեղբայր, քեռի եւ զարմիկ:
Այստեղ, տեղին է յիշել հանգուցեալ Զարեհի վերջին խօսքերը ուղղուած իր տիկնոջ. «Երախտապարտ ոգիով իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ զաւակներուս մօր եւ սիրելի կնոջս՝ Սեդային, որ մեր ամուսնական ուխտին հաւատարիմ՝ մինչեւ վերջ մնաց իմ կողքիս, խնամեց եւ հոգատար գտնուեցաւ, հակառակ բոլոր ֆիզիքական հիւանդութիւններուս եւ պատճառած դժուարութիւններուս»:
Զարեհ Մարգարեան իր մահկանացուն կնքեց Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021ին, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով:
Կորուստը կը սգան կինը՝ Սեդան, դուստրերը եւ փեսաները՝ Սիլվի եւ Յովհաննէս Ջաթիքաշեանները, Լիզա եւ Շանթ Եղիքեանները եւ հինգ սիրասուն թոռնիկները՝ Արամը, Րաֆֆին, Ժանոն, Արինը եւ Վանը, հարազատները, խնամիները, բարեկամներն ու ընկերները: