ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները մերժեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ փակ հանդիպում ունենալու առաջարկը:
Խմբակցութիւնները այս առիթով հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` նշելով, որ նկատի ունենալով տարածուած տեղեկութիւնները՝ կը յայտնեն, թէ Ալեն Սիմոնեանի կողմէ ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն փոխանցուած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ փակ հանդիպում ունենալու առաջարկը։
«Փակ հանդիպման ձեւաչափը հայ ժողովրդին առնչուող հարցերի վերաբերեալ առհասարակ անընդունելի է, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նման ձեւաչափով հանդիպման վերաբերեալ նախկինում արդէն իսկ տարածուել է յայտարարութիւն: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտնել են, որ հանդիպման կը մասնակցեն բացառապէս բաց, հաւասար եւ ժողովրդի առջեւ հաշուետու պայմաններում, ինչը մերժուել է, հետեւաբար վերահաստատում ենք փակ հանդիպումների` ոչ նպատակայարմար լինելու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։