
«Ժամանակ», «Արեւելք»․- Արմատներով լիբանանահայ տոքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի նախաձեռնութեամբ վերջերս հիմնադրուած է կրթաթոշակ մը։
Երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիա հաստատուած տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան այնտեղ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ «Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան կրթաթոշակ» կը կոչուի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ ունի առանձնայատկութիւն մը։ Այսպէս, այս առաջին կրթաթոշակն է, որ բարերարներու կողմէ նախատեսուած է հայագիտական ուսմանց ծրագրերու, ընդհանրապէս հայագիտութեան խրախուսման համար։ Այս կրթաթոշակը ամէն տարի պիտի յատկացուի Արեւմտահայ առցանց քոլեճի ուսանողներէն մէկուն։ Տոքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան այս նախաձեռնութիւնը կը կատարէ՝ յաւերժացնելու համար իր հոգելոյս ծնողքի յիշատակը։ Թէ՛ հանգուցեալ Սօսի Պետիկեան եւ թէ հանգուցեալ Վարուժան Պետիկեան եղած են Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներ։ Երկուքն ալ իրենց կեանքի հինգ տասնամեակները նուիրած են հայ սերունդներու դաստիարակութեան։ Այժմ, անոնց որդին՝ տոքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան, ծնողներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար հաստատած է սոյն կրթաթոշակը, որու յարատեւութիւնը պիտի ապահովուի հանգուցեալներու թոռնիկներուն՝ Տարօն, Թալին եւ Լուսիա Պետիկեաններու կողմէ։
Հարկ է նշել, որ կրթաթոշակը պիտի տրամադրուի այն ուսանողներուն, որոնք պիտի հետեւին Լոնտոնի Հայագիտական դասընթացներուն եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոնին, որուն գլուխը կը գտնուի գրականագէտ տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեան։
Անդրադառնալով այս նոր նախաձեռնութեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան ըսաւ հետեւեալը. «Մեր ծրագիրը ստեղծուած օրէն ի վեր եղած է յառաջատար՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու զարգացման մարզին մէջ։ Առաջին անգամ մեր ծրագիրին բարեկամ մը այսպիսի աջակցութիւն կ՛առաջարկէ՝ նոյն ժամանակ յարգելով յիշատակը իր ծնողներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են հայ սերունդներու կրթութեան։ Այս կրթաթոշակի հաստատումը անոնց ժառանգութեան շարունակութիւնն է։ Սօսի Պետիկեան եղած է իր ընտանիքի անդամներէն շատերու դաստիարակը։ Ասիկա ամէնէն լաւ նուէրն էր, զոր կրնար ունենալ Ս. Ծնունդի տօնին։ Կը յուսամ, թէ այս բարի արարքը օրինակ կ՛ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին յաւերժացնել իրենց սիրելիներու յիշատակը՝ դրոշմելով հայկական ինքնութիւնը յաջորդ սերունդին մէջ։ Այս առումով, մենք այս առատաձեռնութիւնը կը համարենք անկիւնադարձային մեր հաստատութեան համար»։
Նորահաստատ կրթաթոշակին համար դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ 2 Յունուար 2022։ Դիմողները պէտք է ըլլան ծագումով արեւմտահայ՝ առնուազն ծնողներէն մէկուն կողմէ։ Դիմորդներու պարագային, թէեւ տարիքային սահմանափակում մը չէ նախատեսուած, սակայն առաջնահերթութիւն պիտի վայելեն երիտասարդները։ Կը ծրագրուի նախապատուութիւն տալ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ արեւմտահայ գաղութներէն դիմողներուն։ Մասնաւոր վերաբերմունք պիտի ցուցադրուի նաեւ Հունգարիայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն կատարուելիք դիմումներու պարագային։ Դիմողներէն կը պահանջուի ներկայացնել ինքնակենսագրութիւն եւ ամփոփ նամակ մը, որմով անոնք պէտք է բանաձեւեն, թէ ինչո՛ւ իրենց համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէն սորվիլը։ Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի կայքին վրայ հասանելի են յաւելեան մանրամասնութիւններ՝ այս նոր կրթաթոշակին վերաբերեալ