
Լոռի Պէրպէրեան
Մանկութիւնը կեանքի ամէնէն ուրախ փուլերէն մէկը պէտք է ըլլայ: Համաձա՞յն էք: Կ՛երեւի` աշխարհը հակառակ կարծիք ունի այս նիւթին շուրջ, որովհետեւ հայրենաբնակ հայ երեխան դատապարտած է մանկութեան մը, որ անդադար կ՛ոտնակոխուի պատերազմի արիւնաքամ հետքերով: Ամէնէն վաղ օրինակը այս ողբերգութեան` այս դարուն ծնած արցախցիի մը մանկութիւնն է:
Իմ տարիքիս արցախցի մանուկ մը արդէն երկու պատերազմ տեսած է` մէկը տասներեք, իսկ միւսը տասնեօթը տարեկանին: Ան իր երանելի օրերը անցուցած է գերեզմանոցներ այցելելով ու իր դասընկերներուն մահը ողբալով: Իր ընկերները դիակներու կողքին տօնած են իրենց 18րդ տարեդարձները, զէնքը ամուր գրկած` մարած են կարկանդակի մոմերը: Ու չեն վարանած պատմելու իրենց բոլոր տեսածներուն մասին, ինչպէս` անգութ մահուան, արեան ու դժբախտութեան: Անոր ապագայի երազանքները այնքան խառնուած են, որ ներկայիս իր երեւակայած ամենամեծ իրագործումը մէկ օր եւս ողջ մնալն է:
Իսկ ինձմէ քանի մը տարի փոքր արցախցի մանուկը մինչեւ տասը հաշուել սորվելէն առաջ սորվեցաւ աշխարհի անարդարութեան մասին: Իր կեանքի առաջին լուսաբացերէն արդէն սորվեցաւ ճիչն ու ցնցումը ռումբի, հայեացքը` սարսափի: Ան առանց որեւէ չարութիւն ընելու` զրկուեցաւ թաղի բակին մէջ ազատօրէն վազվզելէ եւ արեւի փայլուն ճառագայթներէն: Ան իր ուզած խաղալիքը փնտռելու տեղ իր անյայտ եղբօրը նկարը փնտռեց նահատակաց երկար պաստառին վրայ: Իրեն համար հերոս հայրը առասպել դարձած է արդէն, իսկ իր կեանքին սպառնացող սահմանակիցները` մղձաւանջներուն սովորական կերպարները: Եկէք` հիմա պատկերացնենք, որ այս երեխան սովորական մանկան պէս պիտի մեծնայ, մտածէ ու երազէ: Դժուար է, չէ՞:
Այս փոքրիկը ինչպէ՞ս պիտի չպոռթկայ չարութեան դէմ, երբ արդէն գիտէ, որ աշխարհը իր ականջները գոցած է, ու ինք որքան ալ լայ, պիտի չլսուի: Այս մանուկը ինչպէ՞ս ինքն իրմով պիտի հպարտանայ, երբ աշխարհը իրեն արդէն համոզած է, որ իր գոյութիւնը այնքան ալ կարեւոր չէ: Յոռեգոյն ուսուցիչը արցախցի լուսաւոր մանուկը համոզած է, որ ան արժանի չէ մանկութեան ընկերացող անվե՜րջ անհոգութեան ու ազատութեան: Մինչ այդ թշնամին կը փորձէ քանդել Արցախի դպրոցները ու ջնջել անոնց սնուցած յոյսն ու լաւատեսութիւնը` արցախցի մանուկի յիշողութենէն:
Սակայն, պատերազմի ամենացաւալի հետեւանքները կրելով հանդերձ, արցախցի երեխան անյայտ միջոցով մը յաջողած է այտերը ընդդիմացնել արցունքներու հեղեղին ու մշտական ժպիտ մը ծաղկեցնել իր երեսին վրայ: Ու իր փոքր տարիքին արդէն ան հաստատ որոշած է, որ երբ մեծնայ, քաջ զինուոր պիտի դառնայ ու իր ազգին փրկութեան համար պիտի պայքարի:
Այսպիսով, ամենատարն մանկութեան տէր արցախցի մանուկը կը յաղթահարէ կեանքը եւ մահը: