Լիբանան ծնած, գանատացի եւ ամերիկաբնակ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան կը ներկայացնէ հայկական մանկական երգերու նոր ձայնագրութիւն մը՝ Armenian Songs for Children (AVIE Records AV2449)։
Այս հաւաքածոյով, Իզապէլը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ իր ազգային ժառանգութեան, ու կ՛ընտրէ հոգեցունց եւ յուզիչ օրօրերգերու փունջ մը` քաղուած հայ ժողովուրդի յիշողութենէն եւ փորձութիւններէն։ Ընտրուած 29 երգերը կու գան պատմական Հայաստանէն եւ Օսմանեան կայսրութեան, Ցեղասպանութեան եւ հետագայ տարիներու ժամանակաշրջանէն։
Այս ձայնագրութիւնը կը պարունակէ երգեր եւ մշակումներ Կոմիտաս վարդապետի եւ իր երկու աշակերտներէն՝ Բարսեղ Կանաչեանէն եւ Կանաչեանի ժամանակակից Միհրան Թումաճեանէն երգեր:
Փառաբանուած իր «երաժշտական գիտելիքներու, ճոխ ձայնի, տպաւորիչ եւ զգայուն ելեւէջներու տիրապետութեան համար» (Opera News), Պայրագտարեան երախտագիտութեամբ կը պատմէ երգերու այս հաւաքածոյի ուսումնասիրութեան եւ մշակման գործընթացին մասին։ Այդ երգերէն շատերը անտեսուած էին կամ անհոգութեան մատնուած, իսկ բազմաթիւ երգեր անձնապէս ինք կ՛երգէր իբրեւ աղջնակ մը, նախակրթարանի տարիներուն:
«Այս երգերը ինծի ցոյց տուին, որ երաժշտութիւնը իսկապէս ուժ ունի անցեալը եւ ապագան կամրջելու ու ձայն տալու այն երգերուն, որոնք վաղաժամ լռութեան մատնուեցան՝ ցեղային, ազգային եւ կրօնական դաւանանքի պատկանելութեան պատճառներով: Չկա՛յ կեանքի եւ գոյատեւման աւելի լաւ տօնակատարութիւն, քան երգ կամ մեղեդի երգելը», կը յայտնէ Պայրագտարեան:
«Այս երգերու հաւաքածոյի սերմերը ցանուած էին մէջս, երբ ես տակաւին շատ փոքր էի: Աղօթքները, օրօրի երգերը եւ մանկական երգերը, զորս մայրս ինծի համար կ՛երգէր, անցեալին կ՛երգուէին Ատանայի, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Ակնի, Տիգրանակերտի, Վանի, Խարբերդի, եւ Անիի մէջ, կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ, վերռապէս հասնելով իմ մեծ մեծ մօրս՝ Իզապէլ Սէրայտարեանին (որուն անունով զիս կոչեցին), մեծ մօրս՝ Մարիին, երկուքն ալ Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ զանգուածային տեղահանութիւններէն վերապրողներ: Մայրս այս երգերը երգեց իր զաւակներուն, իսկ ես այսօր կը շարունակեմ այս աւանդութիւնը եւ կ՛երգեմ իմ զաւակներուս», կը պատմէ Իզապէլը: