ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէնէն շատ ընթերցուած, ամէնէն շատ տարածուած, ամէնէն աւելի մտահոգիչ եւ ամէնէն շատ վախազդու լուրերը ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհային առողջութեան խնդիրներուն կը վերաբերին, որոնք մարդկային կարողութիւններէն եւ հնարաւորութիւններէն վեր չափանիշեր կ՛արձանագրեն ամէն օր, սարսափեցնելով մոլորակի բնակչութիւնը:
Ամէնէն աւելի փնտռուող եւ մարդկութեան կեանքէն բացակայող երեւոյթը ներկայ օրերուն, վստահութիւնն է: Սովորական առօրեային մէջ ցանկապատեր կանգնած են այժմ, յատկապէս այն միջավայրին մէջ, ուր համաշխարհայնացումը ամէն տեսակի արգելք եւ պատուար վերցուցեր էր, փշրեր էր ցեղային խտրականութիւնը, փորձելով նոյնիսկ կտրել իւրաքանչիւր մարդու ազգային պատկանելիութեան պորտը, ջլատելու համար հողային առնչուածութեան բոլոր կապերը: Համաշխարհայնացումը շատ աւելի լայն բացեր էր իր կարկինը, ընդգրկելով բոլոր կրօններն իրենց հաւատացեալ կամ անհաւատ հետեւորդներով, սեւով ու սպիտակով, կարմիրով ու դեղինով, հարուստով ու աղքատով եւ վերջապէս մեծով ու փոքրով: Սակայն արդէն երկու տարի է, որ համաշխարհայնացման լայնածիր ու պինդ բացուած թեւերը լխկեր են, սմքեր եւ ինկեր են վար, իւրաքանչիւր մարդու ստիպելով ո՛չ միայն իր երկրին մէջ, ո՛չ միայն իր քաղաքին ու իր փողոցին մէջ, այլեւ իր տան չորս պատերուն մէջ ամփոփուիլ, խիստ սահմանագծելով անոր ելեւմուտքի շարժումները:
Վստահութիւնը կորսուեցաւ…
Ա՛յս է հիմնական պատճառը, որ նոյնիսկ աշխարհի մարդկութեան միաձուլման ընթացքը կասեցաւ: Փոխյարաբերական կեանքին մէջ, ընկերային շրջապատէն ներս, գործի ասպարէզին մէջ, նոյնիսկ հարազատներու միջավայրէն ներս, վարակուած ըլլալու կամ չըլլալու մտահոգութիւնը, նոր փշալարերով իրարմէ բաժնեց մեզ, զգուշաւորութիւն թելադրելով եւ բառին բովանդակ իմաստով ֆիզիքական հեռաւորութիւն պարտադրելով բոլորիս:
– Ինչո՞ւ:
– Որովհետեւ փոխադարձ վստահութիւնը կորսուեցաւ:
Այս բառը՝ «վստահութիւն», նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ ծանրակշիռ իմաստ ունի: Վա՜յ այն մարդուն, որ իր շրջապատին մէջ շահած վստահութիւնը կը կորսնցնէ: Ինչքա՜ն աներես պիտի ըլլայ ան, որ իր խծբծուած եւ թուք ու մուր պատած դէմքով վերստին փորձէ մարդոց վստահութիւնը շահիլ: Բարոյական սոյն օրէնքը ոմանց մտքին մէջ միայն սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի շահագործման դառնագոյն դէպքին հետ առնչուած տեսարան է: Ո՛չ, անիկա կեանքի որեւէ տեսակի եւ հարթակի վրայ կրնայ յայտնուիլ: Բարեկամութիւնը, համագործակցութիւնը, համատեղ ծրագիրները, նոյնիսկ քաղաքական դաշինքները բարոյական որոշ օրէնքով կը սահմանուին, որուն վերնագիրը «վստահութիւն»ն է:
Ներկայ տագնապալի աշխարհին մէջ վերոյիշեալ մտահոգութիւններով տուայտող մարդկութիւնը, եթէ «հորիզոնական» վստահութիւնը բացայայտ կորսնցուցեր է, սակայն տակաւին «ուղղահայեաց» վստահութիւնը կը պահպանէ, զայն փայփայելով իր հոգիին մէջ աճեցուցած հաստատուն յոյսով:
Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի իւրաքանչիւր արարողութիւն, քրիստոնէական ամրակուռ յոյսով կը յիշեցնէ մեզի, որ պարտաւոր ենք վերանորոգել մեր ամբողջական վստահութիւնը Աստուծոյ զօրութեան վրայ:
Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը մարդկային սովորական մտքի ծրագրին նման չէ, որ անկայուն է եւ միշտ փոփոխութիւններու ենթակայ, մարդուն յեղյեղուկ նկարագրին պատճառով: Յատուկ նպատակով ծնած եւ մարդացեալ Աստուածը անպայման պիտի փրկէր իր իսկ ստեղծած մարդկութիւնը: Փրկչին ծննդեան թուականէն մինչեւ այսօր քիչ չեն եղած պատերազմներ, աւերածութիւններ, կոտորածներ, հիւանդութիւններ, նոյնիսկ համաճարակներ, որոնց ժայթքող լաւան իր հրաշունչ որովայնին մէջ բիւրաւորներ կլաներ էր եւ ածխացրեր: Սակայն Քրիստոսի բանաւոր հօտը տոկաց ահագնացող դժուարութիւններուն, սկսեալ առաքելական դարաշրջանէն մինչեւ քրիստոնէութեան նոր վկաները: Սոյն ճշմարտութեան ցայտուն մէկ օրինակն է մեր տառապակոծ ազգը, որուն մոխրացած բոյնն ու աղուէսներու կլափին մէջ ծամուած մարմինը եւ անտառացրիւ աճիւնները վերստին կեանք կը ստանան իւրաքանչիւր մահէ ետք…:
Աստուածաշունչի բոլոր տիտանները, սկիզբէն մինչեւ նոր դարաշրջան, երկնապարգեւ առողջութեամբ, երկարակեցութեամբ եւ յաջողութեամբ պարգեւատրուեցան, ի պատասխան Արարչին վրայ իրենց ունեցած աներկբայ վստահութեան: Ո՞ր մէկ նահապետը, մարգարէն կամ «ընտրեալ մարդ»ը Աստուծոյ հարցուցեր է, թէ ինչո՞ւ զիս այս կամ այն երկիրը կ՛ուղարկես, կամ այս կամ այն մարդուն քով: Առաքելութիւնը յանձնողի անձին վրայ դրուած ամբողջական վստահութիւնն է պատճառը, որ անոնք երբեք չկասկածեցան իրենց հովանաւորած Աստուծոյ զօրութեան վրայ:
– Ծնաւ, ուրեմն կը փրկէ:
Ա՛յս է երաշխիքը եւ փաստը մեր սեփական վստահութեան: Մեր հոգիին մէջ կը հաւատա՞նք Աստուծոյ փրկագործութեան նկատմամբ մեր ունեցած վստահութեան…: Ծնաւ, ուրեմն կը փրկէ: Բժշկուելու խոր փափաքով խարխափող կոյրը մէկ երկվայրկեան իսկ չկասկածեցաւ իր ամբողջակա՛ն վստահութեան վրայ: Կոյրի չա՞փ ալ չկաս, երկու բաց եւ պայծառ աչքերով տեսնելու համար Փրկիչդ, որ ծնաւ փրկելու համար:
Աստուած պիտի չլսէ՞ անոնց, որոնք ամէն օր, գիշեր-ցերեկ Իրեն կը դիմեն: Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը ուղղակի պատասխան է այս հարցումին, եւ փորձ՝ քննելու մեր վստահութիւնը հանդէպ Աստուծոյ փրկագործութեան: Անվարան ինքնավստահութեամբ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի զանգերուն գեղահնչիւն ղօղանջին հետ պիտի աւետենք աշխարհին, ըսելով.
– Ծնաւ, ուրեմն կը փրկէ: