Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոցդ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ սրբազան հօր Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը՝ Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Էշկիեան ամոլը երկար տարիներու վաստակ ունի մեր գաղութին մէջ՝ իբրեւ հասարակական ազգային գործիչ, նաեւ նուիրատու բարերար, որ անվերապահօրէն զօրակցութիւն յայտնած է մեր գաղութին, Ազգային առաջնորդարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայաստանին եւ Արցախին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ