
Կիրակի, 19 Դեկտեմբերի առաւօտեան, մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը՝ Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։
Օրուան պատարագիչն էր թեմիս առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ առընթերականութեամբ Գէորգ քհնյ․ Աբեանի եւ հիւրաբար թեմս գտնուող Աղան աբղ․ Երնջակեանի։

Մայր տաճարը լեցուն էր հաւատացեալներով, թեմական եւ ծխական անդամներով, ինչպէս նաեւ տարբեր ծուխերէ եկած ուխտաւորներով: Ս․ պատարագին ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք․ Յովսէփեան, Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան, Մանուկ Ա․ քհնյ․ Մարգարեան, Գէորգ Ա․ քհնյ․ Առաքելեան, Մարտիրոս Ա․ քհնյ․ Չեւեան, Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեան եւ Միքայէլ քհնյ․ Կիւրեղեան։
«Հայր Մեր»էն առաջ, Յովնան արքեպիսկոպոսը կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն, խարտաւիլակութեամբ՝ Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի։
Եկեղեցւոյ մէջ ծառայող ընծայեալներ Վարդան Արզումանեան եւ Կարօ Պոյաճեան տէր հօր առաջնորդութեամբ ծնրադիր կերպով Սուրբ խորան բարձրացան եւ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր ստացան դպրութեան առաջին չորս նուիրական աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։
Դպրական ձեռնադրութենէն ետք՝ առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատելով բարեկրօն Նարեկ դպ․ Մարկոսեանի, Վարդան դպ․ Արզումանեանի, Կարօ դպ․ Պոյաճեանի, Հայկ դպ․ Շահպազեանի, Վահագն դպ․ Շահպազեանի, Դաւիթ դպ․ Եսայեանի, Վահէ դպ․ Յակոբեանի, Ջաք Սարգիս դպ․ Ջանոյեանի, Յարութ դպ․ Մնցականեանի, Պետրոս դպ․ Քեսաբեանի եւ Սարգիս դպ․ Ալթունեանի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ անոնց շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք։
Սրբազան հայրը ձեռնադրութեան եւ ուրարներու տուչութեան վերջաւորութեան, իր հայրական օրհնութիւնը, բարեմաղթութիւնը եւ շնորհաւորանքը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած թիւով տասնմէկ ուրարակիր դպիրներուն՝ նշելով, որ այս նուիրական խորհուրդին միջոցաւ անոնք առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով պէտք է ծառայեն մեր մայր եւ սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, Յովնան արք․ Տէրտէրեան սրբալոյս միւռոնով օծեց եւ սրբագործեց տուֆակերտ սքանչելի խաչքար մը, ձօնուած՝ հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ երիցագոյն սարկաւագներէն Հրայր սարկաւագ Տէօքմէջեանին եւ անոր ազնիւ կողակիցին՝ Անուշ Տէօքմէջեանին։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ մեծագոյն դրուատանքով խօսեցաւ Հրայր սարկաւագին մասին, ներկայացնելով անոր մատուցած շուրջ ութսուն տարիներու նուիրեալ եւ բացառիկ ծառայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ, մատնանշելով նաեւ այն հանգամանքը, որ Հրայր սարկաւագը իր եկեղեցանուէր կերպարով մեր բազմաթիւ եկեղեցականներուն համար ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է, իր եկեղեցական ըլլալու ճանապարհին։ Սրբազան հայրը նշեց, որ այս գեղեցիկ խաչքարը իր պատուաւոր տեղը պիտի գտնէ Մայր տաճարի հարաւային պատին վրայ։
Այնուհետեւ, սրբազան հայրը, Սուրբ խորան հրաւիրեց Ս․ Ներսէս Ընծայարանի հոգեւոր տեսուչ Մարտիրոս Ա․ քհնյ․ Չեւեանը, որ ժամանած էր Արեւմտեան թեմ, սարկաւագաց վերապատրաստման դասընթացքին ընթացքին իր դասախօսութիւններով հանդէս գալու համար։
Սրբազան հայրը Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Տէր Մարտիրոսին՝ անոր շնորհեց ականակուռ գեղեցիկ ձեռաց խաչ՝ իբրեւ գնահատանք երկարամեայ տեսչական եւ ուսումնակրթական գործունէութեան։
Հուսկ ամենայնի, սրբազան հայրը, ամփոփելով յընթացս Ս․ պատարագի տեղի ունեցած նուիրական իրադարձութիւնները, ըստ օրուան Աւետարանական բնաբանին իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։
Յաւարտ Ս․ պատարագի, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ նոր ձեռնադրեալներու ընդունելութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ