
ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Յունուարին մահացաւ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան:
Դաւոյեան ծնած է 1940ին, Սպիտակ շրջանի Մեծ Պարնի գիւղին մէջ: 1964ին ան աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական ուսումնարանի պատմալեզուագրական բաժանմունքը:
1965էն սկսեալ վարած է «Գրական Թերթ»ի բանաստեղծութեան եւ արձակի բաժինը: 1970ին աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ՝ իբրեւ աւագ խորհրդական:
1991էն 1999 ան եղած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի վարչութեան նախագահը։
1994էն 1996 Դաւոյեան ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան նախագահ;1999էն 2003 ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականը:
Ռազմիկ Դաւոյեան հեղինակ է առաւել քան 40 ժողովածուներու եւ գիրքերու, որոնք նաեւ հրատարակուած են ռուսերէնով, չեխերէնով եւ անգլերէնով: «Օտէոն» հրատարակչութիւնը անոր ստեղծագործութիւնները ներառած է համաշխարհային գրականութեան ժողովածուին մէջ:
2005էն 2007 ան «Երեւան» վաւերագրական ժապաւէններու սթիւտիոյի տնօրէնն էր, 2007էն մինչեւ 2018՝ «Հ1» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնի խորհրդական:

Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւատրումներու։
Բանաստեղծի մահուան առիթով ցաւակցական հեռագիրներ յղեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
«Պարոն Դաւոյեանը ժամանակակից հայ գրականութեան նշանաւոր ներկայացուցիչ էր, աւելի քան 40 ժողովածուի եւ գրքերի հեղինակ, ում ստեղծագործութիւնները տպագրուել են նաեւ արտերկրի մի շարք պարբերականներում: Մեծ է նրա ներդրումը հայ ժամանակակից գրականութեան զարգացման գործում», նշեց վարչապետը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Դաւոյեանը նկատեց ստեղծագործ անհատ ու հայրենիքի ճակատագիրով ապրող քաղաքացի՝ աւելցնելով․ «Աւելի քան վեց տասնամեակ նրա իւրայատուկ ու բազմաշերտ ստեղծագործութիւնը որպէս պօէզիա ու արձակ, որպէս երգի վերածուած բանաստեղծութիւն ու հրապարակախօսութիւն, որպէս մարդկային զգացմունք եւ քաղաքացիական մտահոգութիւն ուղեկցում է մեզ»: