Ուքրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին ամէնէն յայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին վրայ է:
Լվովի եկեղեցիները, Ուքրանիոյ այլ քաղաքներու եկեղեցիներու շարքին, ակնյայտօրէն առանձնայատուկ են իրենց գեղեցկութեամբ եւ վեհութեամբ:
Novini.LIVE վարկանիշային ցանկին վրայ նշուած են զբօսաշրջիկներուն ամէնէն յայտնի հոգեւոր վայրերը:
Ս. Աստուածածնի վերափոխման հայկական եկեղեցին Լվովի ամէնէն հին կրօնական ճարտարապետական յուշարձաններէն է: Անիկա Լվովի պատմական կեդրոնի` հին քաղաքի, ճարտարապետական յուշարձաններուն մաս կը կազմէ: Եկեղեցին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Եկեղեցիներու կառուցումը, նոյնականացումը, վերականգնումը եւ պահպանումը Ուքրանիոյ մէջ Հայկական Սփիւռքի հիմնական գործունէութիւններէն են: Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան յայտնեց, որ եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեդրոն է, այլ նաեւ` մշակութային կեդրոն: