

ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ՄՈՆԹՐԷԱԼ․- Արամ Ա. կաթողիկոսը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանի հայ եկեղեցիւոյ մէջ երկար տարիներու ծառայութիւնը եւ վաստակը:
Հինգշաբթի, 6 Յունուարին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ընթերցեց կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառը բարձր կը գնահատէր Սարգիս սարկաւագի նուիրումը եւ աշխատանքը, յատկապէս՝ ձայնագրեալ շարականներու հատորներու պատրաստութեան մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը:
Կոնդակի ընթերցումէն անմիջապէս ետք, սրբազան հայրը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանի կուրծքը: