ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի, 18 Յունուարի առաւօտեան, Լինանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան»-Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին քննարկում մը «Միութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու մէջ արհեստագիտական գրասենեակներու հաստատութենականացման միջոցները» խորագիրով՝ ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ՄԱԿի պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:
Ձեռնարկը կազմակերպելու կոչ ուղղած էին Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿի Մարդկային պաշարներու միաւորը (Եու. Էն. Հապիթաթ):
Նաեւ ներկայ էին Սուրի եւ Ֆայհայի քաղաքապետութիւններու, պատկան մարմիններու եւ նախարարութեանց ներկայացուցչական կազմերը եւ համապատասխան արհեստագիտական գրասենեակներու ներկայացուցիչները:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ողջոյնի խօսքին մէջ ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր քաղաքապետութեան պարզած իրավիճակը տիրող պայմաններու լոյսին տակ եւ այս գծով առնուած բարեփոխման քայլերը: Ողջոյնի խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ հետեւեալը.
«Գաղտնիք չէ որ քաղաքապետութիւնները այսօր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը դիմակալեն աննախընթաց դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, եւ դէպքերու ընթացքը լաւ բան չ՛աւետեր: Աւելի՛ն, կը թուի, թէ դժբախտաբար կ՛ուղղուինք դէպի անորոշութիւն:
Ու կարծէք 2019ի վերջաւորութեան պատահած ժողովրդային շարժումները բաւարար չէին, եկաւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, ապա՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը եւ քաղաքապետութիւններու եկամուտները, ինչ որ ստեղծեցին անտանելի պայմաններ: Այսօր քաղաքապետութիւնները դժուարութիւններ կը դիմակալեն ապահովելու համար իրենց ծախսերը՝ մազութ, պենզին թէ փոխնորդ կտորներ, որոնք կը հաշուարկուին տոլարի սակագինի հոլովոյթին հիմամբ, մինչեւ իսկ հոս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գրասենեակները կը գործեն շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, նշեալ այդ ծախսերը խնայելու միտումով: Ինչպէս նաեւ՝ աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձերու, թոշակներու եւ գնողական կարողութեան նուազեցման բերումով անոնց մօտ նահանջեց աշխատանքի պարտականութեան, յանձնառութեան զգացումը, գիտակցութիւնը, ինչ որ վարչական նոր դժուարութիւններ յառաջացուց քաղաքապետութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու մօտ:
Սակայն, նախքան այս պայմաններու յառաջացումը, քաղաքապետութիւնները արդէն իսկ կը դիմակալէին իրենց աշխատելաոճի բարելաւման եւ զարգացման, մարդուժի ու արհեստագիտական կազմածներու յաւելման մարտահրաւէրը՝ մուտք գործել կարենալու համար 21րդ դար: Սակայն օրէնքները եւ վարչական կանոնները ու յատկապէս՝ նիւթական կարելիութիւնները կը դժուարացնէին արհեստագիտական սարքերու եւ բարձր արժանիքներով հմուտ մարդուժի ներգրաւման կարելիութիւնը: Հոսկէ՝ արհեստագիտական շրջանային գրասենեակի հաստատման նախաձեռնութիւնը, որ քաղաքապետութիւնը օժտեց անհրաժեշտ արդիական սարքերով եւ փորձագէտ ու ատակ աշխատուժով:
Այս իմաստով, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մօտ նկատեցինք նշեալ այդ սարքերու օգուտները եւ առաւելութիւնները զանազան ծրագիրներու իրականացման գծով:
Արհեստագիտական շրջանային գրասենեակը հիմնական դեր ունեցաւ զանազան նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման, հետապնդման եւ գործադրութեան մէջ: Առ այդ, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնուի այդ ծրագիրներու հովանաւոր եւ նիւթապէս զօրակցող մեկենասներուն, ինչպէս՝ «ՄԵՐՓ« (MERP), ՄԱԿի Բարգաւածման ծրագիր (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ ՄԱԿի Մարդկային պաշարներու անձնակազմին (Եու. Էն. Հապիթաթ):
Ապա շրջանային արհեստագիտական գրասենեակին անունով խօսք առաւ Մարիա Տէ ֆի, որ յայտնեց, թէ գրասենեակը իր սկզբնական շրջանի վերակառուցման ճիգերու ամրապնդման յատուկ մասնագիտական խմբակէն վերածուեցաւ քաղաքապետութիւններու եւ միութիւններու բարգաւաճման ծրագիրներուն զօրակցող մարդուժի: Ան յայտնեց, որ նպատակը այդ մասնագիտական մարդուժը քաղաքապետական վարչական գրասենեակներուն մէջ միաձուլելու եւ միախառնելու պատշաճ ու նպաստաւոր ձեւերը գտնելն է:
Ապա խորհրդական դոկտ. Անտրէ Սլէյման ներկայացուց ցարդ իրագործուած ծրագիրներու գնահատման ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները եւ համապատասխան առաջարկներն ու առաջադրանքները:
Այս տեղի ունեցաւ իրագործուած գործունէութեան փորձառութեան եւ դժուարութիւններու մասին շինիչ քննարկում: