2021տարեշրջանի վերջաւորութեան, Տենի Տօնիկեան մատուցեց ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած տարիներու իր աշխատանքին պտուղը: Անիկա կը ներկայացնէ հաւաքուած փաստեր՝ մարդոց, դերակատարներուն նուիրուած բազմաթիւ թերթիկներ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Փոքրիկ Հանրագիտարան»ը շուրջ 700 էջերէ բաղկացած գործ է, զոր կը ներկայացնէ վիպասան, բանաստեղծ եւ յօդուածագիր Տէնի Տօնիկեան։ Անիկա կը սկսի նախաբանով մը, զոր գրած է թուրք հրատարակիչ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռաճիպ Զարաքոլուի, որ պարբերաբար բանտարկուած է (ինչպէս իր կինը՝ Այշէ Նուր) Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ լաւ վերաբերմունքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կարգ մը գործեր հրատարակելուն համար:
Վատագոյն տանջանքները Տենի Տօնիկեան կենդանի կը դարձնէ՝ իր աշխատասիռութեան ընթերցումը դարձնելով ցաւոտ, յաճախ ազդեցիկ, երբեմն ալ անտանելի: