ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 26 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիէրեշի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքային:
ՄԱԿի ներկայացուցիչը վեհափառին յանձնեց նամակ մը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ: Նամակին մէջ ընդհանուր քարտուղարը իր գնահատանքը կը յայտնէր կաթողիկոսին, ընդհանրապէս Լիբանանի տագնապը դիմագրաւելու գծով իր կատարած ճիգերուն, միջ-համայնքային երկխօսութեան բերած իր կարեւոր ներդրումին, ինչպէս նաեւ 20 Դեկտեմբեր 2021ին, Լիբանանի վեց գլխաւոր համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպման վեհափառին բերած կարեւոր նպաստին:
Արամ Ա. իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին՝ նամակին ճամբով իր պարզած մտածումներուն ու մօտեցումներուն համար: Ապա հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու աշխարհը յուզող ներկայ հարցերուն եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան: Այս ծիրին մէջ, կաթողիկոսը շեշտեց, թէ խորհրդարանական ընտրութիւն կատարելու, միջազգային դրամատան եւ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններուն հետ գործակցաբար Լիբանանի տնտեսական տագնապը բարելաւելու ու ժողովուրդին ընկերային կարիքներուն շուտափոյթ թարման գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿի ներկայացուցիչը բաժնելով վեհափառին տեսակէտները, իր կարգին յիշեցուց, թէ ՄԱԿը կարեւորութեամբ կը շեշտէ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը եւ իր կարգին կը քաջալերէ միջազգային դրամատնային ու տնտեսական կազմակերպութիւնները՝ աջակցելու Լիբանանի տնտեսութեան շուտափոյթ վերականգման աշխատանքներուն:
Հանդիպումէն ետք ՄԱԿի ներկայացուցիչը ճաշի հիւրը եղաւ կաթողիկոսին։