ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 27 Յունուարին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Արմաւիրի թեմի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Էջմիածին) Հայոց բանակի օրուան առիթով կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք:
Ներկայ էին Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմի ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի միաբաններ եւ բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերէցներ: Հոգեւոր դասը եւ արարողութեան ներկայ զինուորականները եւ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, անսասանութեան ու հայոց բանակի յաղթական ընթացքին համար:

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մեր հայրենիքի անկախութեան յաջորդած երեք տասնամեակներուն հայոց բանակը անցաւ հնարաւոր եւ անհնար բոլոր փորձութիւններով, անցաւ կազմաւորման դժուարին ճանապարհը: «Պարտադրուած արցախեան պատերազմում փառաւոր յաղթանակներ կերտեց, նաեւ ապրեց 44օրեայ վերջին պատերազմի արհաւիրքների դառնութիւններն ու ցաւը: Այդ իսկ պատճառով բանակի տարեդարձի ակնկալուած ուրախութիւնը չէ, որ պարուրում է մեր սրտերն այսօր, այլ սոսկալի մորմոքը մարդկային եւ տարածքային ծանր ու վշտագին կորուստների եւ դեռեւս չամոքուած կսկիծը մեր հոգելոյս նահատակների: Այսօր վերստին մեր հաւաքական աղօթքով Աստծոյ արքայութիւնն ենք հայցում մեր զոհուած հերոսների անմահ հոգիների համար, իսկ մեր հրամանատարներին ու զինուորներին, ովքեր քաջաբար մաքառեցին ու շարունակում են իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը հայրենիքին, մաղթում հայկեան ոգի եւ հայկեան բազկի յաղթութիւն, ամրութիւն, կորով եւ իմաստութիւն», շեշտեց կաթողիկոսը՝ դիտել տալով, որ ինչպէս միշտ, այսօր ալ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան գիտակցութիւնն ու «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նշանաբանը պէտք է ըլլան իւրաքանչիւր բանակայինի կեանքի հաւատամքն ու հիմքը», ըսաւ Գարեգին Բ.:
Հանրապետական մաղթանքէն ետք Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ պարգեւաբաշխութիւն:
Ընդունելութեան ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով, զինուորներուն հոգեւոր եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան մէջ զգալի աւանդին համար կարգ մը եկեղեցականներ արժանացան նախարարութեան պարգեւներուն: