ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն Երեքշաբթի օր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային ապահովութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
Քալըն եւ Սալըվըն տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման տեսակէտէն կարեւոր համարեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ մշտական խաղաղութեան հաստատուիլը։