ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զեքիր Հասանովը, որ կ՛այցելէ Անգարա։ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի ներկայութեամբ, Էրտողան նախագահական պալատի համալիրին մէջ տեսակցեցաւ հիւր նախարարին հետ։
Այնուհետեւ, Աքար եւ Հասանով նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ ետք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին տուին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Աքար շեշտեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը կը զարգանայ եւ այդ մէկը սպառնալիք մը չէ որեւէ երրորդ երկրի դէմ։ Ան պնդեց, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան՝ իբրեւ մէկ ազգ, երկու պետութիւն, ջանքեր կը գործադրեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն, կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատելու համար։ Ան դիտել տուաւ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան ձեռք երկարած են Հայաստանին։
Կողմերը քննեցին երկկողմ համագործակցութեան, տարածաշրջանային պաշտպանութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: