Անի Աստուրեան

Ասկէ տարինե՜ր առաջ, Հոլիվուտի Ալէք Փիլիպոս վարժարանի ուսուցչարանը բազմոց մը կար: Զբօսանքներուն, տիկին Թրթռեանը եւ ես կը նստէինք հոն ու սարէն, ձորէն կը խօսէինք: Զուսպ եւ խոնարհ՝ տիկին Երջանուհին բնա՛ւ չէր արտայայտուեր հօրը մասին, կամ՝ թերեւս կ՛արտայայտուէր, բայց ես շատ խակ էի այդ օրերուն եւ չէի անդրադառնար թէ ինչի՛ մասին կը խօսէր: Միակ բանը, որ ըմբռնած էի՝ իր եւ իր ամուսնոյն, պրն. Հայկազ Թրթռեանին Քեսապի հանդէպ ունեցած պաշտամունքն էր: Ամառները կ՛այցելէին Քեսապ եւ վերամուտին կը վերադառնային պայծա՜ռ, ուրա՜խ դէմքերով:
Եթէ այդ օրերուն մէկը ըսէր «տայի», պիտի հարցնէի. «տայի՞. ի՞նչ տայի»…
Պէտք եղաւ, որ ժամանակը անցնի եւ անոր հետ գայ հասունացումը մտքի: Պէտք եղաւ, որ ամիս մը առաջ նամակատուփիս մէջ գտնեմ «Քեսապի Տային», որպէսզի հասկնամ «տայի» բառին բո՛ւն իմաստը:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն 2021ին լոյս տեսած այս հատորը պատրաստուած է Կարօ Յովհաննէսեանի կողմէ: Ան իր նախաբանին մէջ կը նշէ Տայիին բոլո՛ր առանձնայատկութիւնները, որոնք զինք վերածած էին պաշտամունքի առարկայ հերոսի : Անոնցմէ ամենէն հիմնականը, ըստ իրեն՝ Քեսապի Տայիին ղեկավար ըլլալն էր, որովհետեւ… նկարագի՛ր ունէր: Այս հաստատումը հետաքրքրութիւնս սրեց եւ սկսայ կարդալ, հասկնալու համար նկարագիր ունեցող ղեկավարի յղացքը:
Անշուշտ, այլ ազդակներ ալ կային հետաքրքրութիւնս շարժող: Վերջապէ՜ս հասկցած էի, որ Քեսապի Տային, բուն անունով՝ Ովսիա Սաղտըճեան (1887-1953), տիկին Թրթռեանին հայրն էր, պրն. Թրթռեանին աներհայրը եւ իմ չորս աշակերտներուս մեծ հայրը:
Կարօ Յովհաննէսեան խղճմտօրէն մէկտեղած է եւ խմբագրած՝ Քեսապի Տայիին մասին գրուած վկայութիւնները եւ մտածումները: Ճիշդ է, որ նոյն անձին կեանքին եւ նկարագրին մասին տրուած նմանօրինակ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կրնան կրկնութիւն համարուիլ եւ քիչ մը ձանձրացուցիչ թուիլ: Միւս կողմէ՝ երբ այսքա՛ն մարդ անվարան կերպով նո՛յն բանը կ՛ըսէ՝ ընթերցողին մօտ կասկածի դոյզն հետքը չի մնար: Տային ազգային հերոս էր եւ վե՛րջ:

Կը փորձեմ ընթերցումիս ընթացքին զիս ամենէն աւելի տպաւորած պահերն ու պատկերները յանձնել թուղթին տարբեր գրութիւններու ընդմէջէն:
Նախ՝ Ովսիային ծնունդը, որ այնքա՛ն տպաւորիչ ձեւով նկարագրուած է պրն. Թրթռեանի «Ինչպէ՞ս Կը Ծնին Մեծերը»ը գրական գոհարին մէջ: Ահա հատուած մը անկէ. «Շա՛տ կարեւոր է գիտնալ, որ այդ տարին, Սաղտըճեաններու թաղին մէջ (ան ալ ի՜նչ թաղ, սեպ հսկայ ժայռ մը, որուն վրայ միասենեակ տնակներ, ցուրտ ձմրան չմսելու համար զիրար գրկած ու ամրան՝ ժայռին վրայ արեւին տակ մրափող քարաթոթոշներուն պէս գլուխնին ցցած), Արթին ամոյին տունը, լոյսէն աւելի ծուխ ու մուր արձակող ճրագով լուսաւորուած «մինծ մարը» քանի մը ժամ տղաբերքին հսկելէ յետոյ, նորածինին «պորտը կտրեց», լուաց, խանձարուրի մէջ փաթթեց ու տակաւին իր ցաւերէն պատռտող մօրը յանձնեց ու հեռացաւ»:
Թրթռեան կ՛ըսէ, թէ այդ օրերու սովորութեամբ, քանի մը օր ետք կեանքը վերադարձած է իր հունին եւ… «մոռցուած նորածինին նայուածքը, առաջին անգամ օճախի ծուխէն սեւցած, սաթի պէս փայլող գերաններուն ու մարդակներուն փակաւ: Տան «էշ»էն կախուած օրօրոցին մէջ լացաւ, մօր կաթն ու կենդանիներուն հոտը միասին ծծեց ու մեծցաւ, ինչպէս կը մեծնան գիւղերու աղքատութեան մէջ, մինչեւ այսօր, միլիոնաւոր երեխաներ»:
Եւ սակայն, Ովսիա Սաղտըճեանը միլիոնաւոր այդ երեխաներուն ճակատագրին չենթարկուեցաւ եւ ի՛ր նկարագրով, խելքով ու կամքով գծեց ի՛ր ճամբան:
Օ՜ այդ ճամբան… «Քեսապի Տային» կարդացողին կը թուի, թէ առասպելի մը դէմ յանդիման կը գտնուի:
Ահա կը կարդամ Տայիին միւս աղջկան՝ Մանուշակ Փանոսեանի սրտառուչ կտորը, ուր ան պարզ եւ անմիջական ոճով կը վերակենդանացնէ ընտանիքի եւ ժողովուրդի հայրը: Սովորական կեանքի պատմական մը չէ այս մէկը, որովհետեւ, որքան ալ Տայիին դուստրը փորձած ըլլայ չէզոք ոճ մը որդեգրել, ուշադիր ընթերցողը կը լսէ երկու ձայն. մէկը, որ տողերու վարագոյրին ետեւէն կը թրթռայ հոգեհարազատին մասին խօսելով, իսկ միւսը, որ դուստրէն հեռանալով, առարկայական պատմական մը կ՛ընէ դէպքերու եւ կենսագրական գիծերու թուումով:
Մէկ շունչով կը կարդացուի Մ. Փանոսեանի գրութիւնը, ուր կը նկարագրուի Տայիի ծննդավայր Գալատուրանը, կը բացատրուի գերդաստաններու եւ թաղամասերու կապակցութիւնը: Ես քեսապցի չեմ, բայց Քեսապի բնութեան ու պատմութեան մասին կարդալով, կարծես հոն փոխադրուեցայ եւ ծառի մը բունին կռթնած՝ հետեւեցայ Տայիին մեծնալուն, 1917ին կամաւոր արձանագրուելուն, Արարայի ճակատամարտին մասնակցելուն եւ հայկական լեգէոնին քաջարի մարտիկը դառնալուն: Ծանօթ էի ֆրանսացիներու դաւադրութեան, բայց չէի գիտեր, որ Ովսիա Սաղտըճեանը եւ զինակիցը՝ Միսաք Կիրակոսեանը (Միսաքոն) տասնհինգ օր քալելէ ետք, վերադարձած են Քեսապ եւ ահ ու սարսափի մատնած՝ շրջակայ գիւղերու քիւրտերն ու թուրքերը. անոնք ինքնավստահութիւն եւ վերապրումի կարելիութիւն տուած են թշուառ գաղթականներուն: Տային կենսական դեր խաղացած է Քեսապի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ եւ 1919էն 1922 երկարաձգուող շրջանին, ղեկավարած՝ ամբո՛ղջ գիւղը իր նկարագրո՛վ, առաջնորդի բնատուր ձիրքով, բայց մանաւա՛նդ՝ հոգատար պատասխանատուի յանձնառութեամբ:

Տային նախնական կրթութիւն չէր ստացած. ի՛նչ փոյթ սակայն, երբ գիտէր ինչպէ՛ս վարուիլ ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Տային, որ ոչի՛նչ ունէր (այնքա՛ն, որ ամուսնութեան բարձն անգամ իրեն փոխ տրուած էր) ճիգ չէր խնայած որբերուն հագուստ եւ ճաշ հայթայթելու, ապրելու վայր գտնելու:
Տային անգրագէտ էր, բայց կ՛ուզէր նոր սերունդին կրթութիւն ստանալու առիթ ընծայել: Այդ նպատակով ալ, 1928ին ի՛նք նախաձեռնած էր Ազգային Միացեալ Բարձրագոյն վարժարանի հիմնումին:
Տային կարդալ չէր գիտեր, բայց գրական մշակները կը սիրէր: Մանուշակ Փանոսեան կը գրէ.
«Եկաւ Նիկոլ Աղբալեանը, որ Տայիի տան դիմացի բլուրի մեծ ժայռին վրայ նստած, ներշնչումով, սրտայոյզ ու կարօտագին երգեց.
Ասում են դիմացիր, ես ո՞նց դիմանամ,
Թղթիկ մ՛ալ չես գրում՝ դարդերդ իմանամ:
Իսկ Տային ձայնակցեցաւ.
Քեզ եմ մնում անոյշ գարուն,
Իմ կեանքի հետ վառ մնայուն…»
Ոչ միայն Ն. Աղբալեան, այլ նաեւ՝ Համաստեղ, Եդուարդ Պօյաճեան, Արմէն Անոյշ, Եդուարդ Տասնապետեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Կիւլոյեան եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ չէին «փախցներ» Քեսապի Տայիին տալիք իրենց այցելութեան առիթը: Մտային եւ հոգեկան իրենց պաշարով կը գիտակցէին Ովսիա Սաղտըճեանի ազգային արժէք ըլլալուն եւ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցէին անոր ամէն առիթով:
Այսպիսի այցելութիւն մը կը յիշէ տոքթ. Մելգոն Էպլիղաթեան, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս 1938ի ամառը ընտանեօք գացած են Քեսապ: Հայրը իրեն եւ եղբօր կը պատուիրէ շա՛տ քաղաքավար ըլլալ իրենց իջեւանած տան տիրոջ հետ, որովհետեւ ֆետայի եղած է: Մ. Էպլիղաթեանը հարց կու տայ ինքն իրեն. քսաներորդ դարուն՝ ֆետայի՞. ո՞ղջ ֆետայի… Երբ հօրմէն կ՛ուզէ իմանալ ֆետայիին անունը, հայրը կը պատասխանէ թէ իսկական անունէն տեղեակ չէ. միայն գիտէ, որ թուխ մորթ ունենալուն, Քեսապի ինքնապաշտպանութեանը մասնակցած ըլլալուն՝ «Գարա Տայի» (Սեւ Քեռի) կամ «Գարա Օղլան» անունը տրուած էր անոր թէ՛ հայերու, թէ՛ թուրքերու կողմէ:
Էպլիղաթեան կը գրէ. «Չէի համարձակեր ուղղակի իրեն դիմել: Տասնութ տարեկան նորաբոյս երիտասարդ մը ինչպէ՞ս կրնար «եարին փոխան զէնքը գրկած» եւ ո՛չ թէ յեղափոխական երգերու մոգական աշխարհին մէջ, այլ ճի՛շդ սա դիմացի կապոյտ սարերուն վրայ «իբրեւ արծիւ սաւառնած» հայ ֆետայիին հարցնել այդպէս՝ պարզօրէ՜ն.

– Ձեր անունը ի՞նչ է, պարո՛ն…»
Տայիին բուն անունը՝ Ովսիա, եբրայական արմատէ եկած է ու կը նշանակէ օգնել, ազատել, փրկել։ Գիտութեան մարդ ըլլալով՝ բժիշկը չ՛ուզեր հաւատալ նախախնամութեան, բայց… ի՜նչ զուգադիպութիւն, կը մտածէ. Ի՜նչ զուգադիպութիւն, որ բողոքական պատուելիի մը կողմէ կնքուած մանուկը իր անունով իսկ նախապատրաստուած ըլլար կարծես ուրիշին հասնելու, ուրիշը փրկելու…
Տակաւին բազմաթիւ այլ վկայութիւններ կարելի է գրի առնել հոս, բայց ինչպէս աղուոր շարժապատկերի մը ամբողջ նիւթը կարելի չէ հրամցնել ապագայ դիտողին, այս գիրքի պարագային ալ սխալ պիտի ըլլայ հոն մէկտեղուած բոլոր նիւթերը ներկայացնել ապագայ ընթերցողին:
Այդ ընթերցողը կրնայ ըլլալ հայերէն կարդացող որեւէ աշակերտ, որ իր դիմաց պիտի գտնէ ուսուցանող ու երեւակայութեան թեւ տուող «իրական» հեքիաթ :
Այդ ընթերցողը կրնայ ըլլալ աշխարհիս երեսին ապրող որեւէ հայ, որ Տայիին պատումին ընդմէջէն թերեւս վերագտնէ անձնամատոյց հերոսներու աւանդը ու վերադառնայ անոր:
Տային՝ Օրինակ՝ բոլորի՛ս:
Պատառ Մը Հայաստան

(Հատուած մը)
Յակոբ Կիւլոյեան
Կ՛ըսեմ բարձրաձայն.
Բուն քեսապցին ա՛ն է, որ հաստատուած է մայր հողին վրայ կամ ուշադիր է այդ հողին վրայ իր պապենական տան շէնութեան: Հեռուէն իսկ կը լուսաւորէ իր հազարամեայ ծննդավայրը, որ դիմացած է ինչ-ինչ աղէտներու եւ այսօր կրկին իր դարաւոր երգն ու եղանակը կ՛երգէ: Ներդաշնակօրէն ձայնակցելով այդ եղանակին՝ համանուագը կը դարձնէ աշխարհի ուրախութեան ու հարստութեան պատճառ:
Եւ ժամանակի աւերներէն յղկուած, բիւրեղացած ու գեղեցկացած կատարելութեամբ կը ներկայանայ մեզի:
Հայ Քեսապը նման եւ բազմերանգ խորհրդածութիւններու կը մղէ մարդս իր եօթը ուխտատեղիներով, ուրկէ բարձրացող աղօթքը հազարամեայ, հողին կապուած Կիրակոսեան քոյրերու ասեղնագործ նուրբ արուեստով, աւելի ու աւելի կը հմայէ քեզ: Ներկայ Քեսապը ծնունդն է հազարամեայ հայ Մայր Քեսապին, ու կը տարուիս պահանջելու, տեսնելու ու վայելելու Քեսապի հիմնարկման հազարամեակի տօնակատարութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի ցնծայ աշխարհացրիւ հայութիւնը քեսապցիներու հետ, նոր հազարամեակներ ապրելու հաւատքով:
Աննման Տայիի՝ Ովսիա Սաղտըճեանի յիշատակին արձան մը՝ Քեսապի հրապարակին վրայ, պիտի գեղեցկացնէ ժամանակակից Քեսապը ապագայ սերունդներուն սրտին մէջ եւ ծնունդ տայ հայ նոր հերոսներու…:
13 Սեպտեմբեր 1965
«Ազդակ» (Պէյրութ)
Հովի՜ւը
(Ի Յիշատակ Քեսապի Տայիին)
Սուրէն Ա. Քհնյ. Բաբախեան
Հովի՜ւն՝ արքան մեր լեռներուն, գիսախռի՜ւ ու պերճաշո՜ւք,
Կը կանգնի միշտ մտքիս առջեւ ինչպէս կոթո՜ղ մը արփակէզ.
Փա՜ռքն էր գիւղին: Ռազմէն դարձող զօրավար մը ըլլար կարծես.
Ու ետեւէն, զերթ թիկնապահ, կու գար գամբռը լո՜ւրջ եւ յանդո՜ւգն:
Ցուպն իր հսկայ, ինքն իսկ վէ՜պ մը, պատկառանքն էր ամբողջ գիւղին.
Կախարդ քուրմն էր հովիւը քաջ մեր լեռներուն խրոխտապա՜նծ,
Իր մեհեանը մո՜ւթ անտառն էր. ա՜չքն էր ան սո՜ւր, խորաթափանց,
Մեր ձորերուն խո՜ր ու մթի՜ն, գիշերներուն եւ երկնքին…
Շատ քիչ անգամ գիւղին այցի կ’իջնէր լեռնէն: Մէջքին մախաղ,
Ցուպը ձեռքին եւ գորշագո՜յն ու վարսագե՜ղ գամբռն ետեւէն,
Իր թաղիքէ արձանային լայն թիկնոցն ալ մէկ ուսէն կա՜խ:
Կը մտնէր գիւղ: Ի՜նչ վեհափառ գնացք էր այդ ճակատն հովի՜ն…:
Երբ կը քալէր գիւղին մէջէն բարձրաճակա՜տ ու սիգաճե՜մ,
Պզտիկ ու նե՜ղ կու գար իրեն գիւղն հայրենի՜, հազարամեա՜յ.
Ամէն քայլին բարեւ կու տար, բարեւ կ՛առնէր ու ժպտադէ՜մ
Կ’երթար բազմիլ աղբիւրին քով, մեր հինաւուրց կոճղի՜ն վրայ…:
Հո՜ն կը նստէր ամէն անգամ, երբ գիւղը գար սիրտը զեղո՜ւն,
Հո՜ն, ուր գիւղին ծերակոյտը ժողով կ’ընէր ամէն իրկուն,
Վա՜նք մը կ’ըլլար կո՜ճղն ալեւոր, ինք սրբազան մը անվեղար,
Տօնի՜ օր մը կ’ըլլար այդ օր գիւղին համար ու տաղաւա՜ր…:
Վարագոյրի նման ծա՜լ-ծա՜լ բաց փողպատէն արեւահար,
Կուրծքն իր լայնշի՛ – դա՜ր մը խռովք – հնոցի՛ պէս կը շողշողար.
Թափօ՜ր մըն էր առանձին, թափօ՜ր մ՛ուխտի հայ քաջերուն
Որ կ՛երկարէր վսեմաշո՜ւք Երեւանէն մինչե՜ւ Սասուն…
4 Մայիս 1966
«Ազդակ» (Պէյրութ)
Հատուած մը «Քեսապի Տային» Գրքին Ներածականէն
Կարօ Յովհաննէսեան
Այո՛, հերոս էր Տային, որ անուն ու հռչակ չունի: Իրեն կը պատշաճի հերոսի այն սահմանումը, որ լաւագոյնս բանաձեւուած է Ռուբէն Տէր Մինասեանի կողմէ: Տային այն հերոսը չէր, որ իր ըրած ու չըրած գործերով հերոս ըլլալու ետեւէն ինկած ըլլար: Ան ոչ ձայն ունէր, ոչ ալ փայլ: Անոր չէր հետաքրքրեր փառքը, իշխանութիւնը, հռչակը եւ այն բոլորը, որ իր անձին կը վերաբերէին: Իսկական տերվիշ մը, որ ունէր հզօր կիրք մը միայն՝ մարդկութիւնն ու հայութիւնը տեսնել բարօր վիճակի մէջ: Անոր ոյժը կախում չունէր իր կրթութենէն, գեղեցկութենէն կամ նոյնիսկ կազմակերպական տաղանդէն: Անոր ոյժը իր կի՛րքն էր դէպի մարդկութիւնը, որ կը ձգտի լաւը պահել ու սիրել, իսկ վատը նոյնպէս սիրել եւ սիրելով զայն լաւ դարձնել: «Բուն հերոսը այն է, որ կը հետապնդէ իր նպատակը՝ կեանքն ու մահը խառնելով իրարու, բայց առանց գիտակցելու թէ ինքը հերոս է»: Իրաւա՛մբ, Տային իր շրջապատն ու ընկերները հերոսացնելու ջանքի մէջ էր: Սեփականութեան ձգտում չունէր եւ չունեցաւ, բայց իր խիզախ գործերով փառաւորեց իր զէնքի ընկերները եւ անխարդախ արիւնով ուրիշներէ հերոս պատրաստեց, փառք եւ անուն տուաւ անոնց:
Պէյրութ – 2021
Հատուած մը «Ովսիա Սաղտըճեան՝ Քեսապի Տային» ԳրութենէնՄանուշակ Փանոսեան
Քեսապի համեմատաբար խաղաղ շրջանին, Տայիի կամաւոր ընկերները ամուսնացած էին ու տուն-տեղ եղած:
Տային ո՛չ տուն ունէր, ո՛չ տնեցի:
Հայրն ու մայրը մահացած էին շատ կանուխ: Եղբայրն ու քոյրը Եղեռնի զոհեր էին: Կային իր հօրեղբայրները, որոնցմէ ութէն չորսը վերադարձած էին գաղթականութենէ եւ ընտանիք կազմած:
Հօրեղբօր՝ Յովսէփ Սաղտըճեանի (Քարամ պապուկ) նախաձեռնութեամբ կը խմբուին Տայիին զէնքի ընկերները, կ՛որոշեն ամուսնացնել զայն եւ տուն մը կառուցել անոր համար:
Տան վայրը կը տրամադրէ հօրեղբայրը՝ Գալայի բարձունքին հին աւերակ բերդի մնացորդէն ո՛չ շատ հեռու. Քարքարուտ բլուր մը, որ տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ՝ կը դառնայ բնակելի տան յատուկ հողամաս մը:
Գործի կ՛անցնին ընկերները:
Քար, աւազ, շինանիւթ. հիմերու պատրաստութիւն, գերաններ ու տախտակ: Հազար ու մէկ շինարարական աշխատանքներ, որոնք կը կատարուին նախնական միջոցներով, դժուարին փոխադրութեամբ, բազուկի ուժով ու ճակտի քրտինքով:
Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ գիւղին վարպետները:
Հօրեղբայրը կը քաջալերէ բոլորը:
Քայլ առ քայլ աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի: Տան քարաշէն պատերը հետզհետէ կը բարձրանան: Մարդկային ուժով կը շարուին գերանները, որոնց վրայ կը հանգչի հողածածկ տանիքը:
Այս բոլորը նոր տան մը ծնունդ կու տան:
Տարիներ ետք, տունը պատրաստ է:
Տային կ՛ամուսնանայ 1929 Ապրիլին, իր որբանոցի վերջին որբին՝ Մարի Ատուրեանին հետ:
Պէյրութ – 2021