ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը պատրաստակամ են օգնելու Երեւանին եւ Պաքուին` հարցերու լուծման առումով, եթէ, բնականաբար, կողմերը ուզեն ընդունիլ այդ օգնութիւնը։ Այս հաստատումը կատարեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկ՝ 2 Փետրուարին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, մամլոյ ասուլիս մը տալով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ։
Ան յատուկ ուղերձ յղեց Երեւանին եւ Պաքուին` նկատել տալով, որ միջազգային հանրութիւնը չի կրնար փոխարինել կողմերու քաղաքական կամքը: «Միջազգային հանրութեան պէտք են Երեւանը, Պաքուն, ատրպէյճանցիները եւ հայերը, որպէսզի անոնք կամք դրսեւորեն` այդ ուղիով յառաջանալու: Մենք գիտենք, որ վէրքը տակաւին բաց է, կան հարցեր` կարգավիճակի հարցը, սահմաններու հարցը, Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը հարցեռ տակաւին կը յամենան: Ես ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ այժմ կը նկատուին ճիշդ ուղղութեամբ առնուող քայլեր, քան անցեալ ամառ», յայտարարեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ շարունակելով․ «Մենք՝ իբրեւ միջազգային հանրութիւն, կրնանք միայն որոշ ճամբայ կտրել: Ես հիմա կը տեսնեմ պատրաստակամութիւնը ճիշդ քայլերու դիմելու: Քաջութիւն կը պահանջէ այդ մէկը, եւ անիկա անհրաժեշտ է առաջնորդներուն կողմէ` երկու երկիրներուն մէջ ալ»։
Միրզոյեան համաձայն գտնուեցաւ իր պաշտօնակիցին, թէ՝ որքան ալ միջազգային հանրութիւնը այդ գործիքակազմը կիրարկէ, խրախուսէ կողմերը՝ համաձայնութիւն գոյացնելու տարբեր հարցերու մէջ, այնուամենայնիւ կարեւոր է, որ բուն կողմերը ունենան այդ քաղաքական կամքը:
«Կարծում եմ, որ դուք եւ ողջ աշխարհը տեսել է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ իսկապէս ցանկանում է կառուցել խաղաղութիւն տարածաշրջանում եւ լուծել բոլոր կնճռոտ հարցերը: Այստեղ է, որ պիտի ցաւով արձանագրենք, որ մշտապէս հակառակ պատգամներ ենք ստանում պաշտօնական Բաքուից», յայտարարեց Միրզոյեան` շեշտելով, որ հակահայ հռետորաբանութիւնը, յարձակողական քայլերը՝ սահմանին ու մարդասիրական հարցերը չլուծելը` օրինակ ռազմագերիները Ատրպէյճանի մէջ պահելը, չեն նպաստեր կառուցողական մթնոլորտի ստեղծման:
Պատասխանելով աւստրիական գործակալութեան լրագրողին այն հարցին, թէ որո՛նք են Հայաստանի «կարմիր գիծերը»՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերող, Միրզոյեան ըսաւ. «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրի պարամետրերի (յարաչափերու) յստակեցումը, այդպիսի պայմանագրի մշակումը եւ հետեւաբար նաեւ կնքումը կարող է տեղի ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական կարգաւորման ճանապարհով կամ դրա արդիւնքում»։ Ըստ անոր՝ այս տագնապը լուծուած չըլլալու իրականութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի եռանախագահութիւնը միջազգային այն ձեւաչափն է, որ ստեղծուած եւ օժտուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի քաղաքական կարգաւորումը գտնելու միակ եւ բացառիկ առաքելքւթեամբ, եւ քանի դեռ հիմնախնդրի կարգաւորումը գտնուած չէ` կողմերը պէտք է շարունակեն բանակցութիւնները այդ ձեւաչափին մէջ:
«Ուզում եմ այստեղ ասել նաեւ, որ չափազանց էական է յիշել այն սկզբունքները, որոնք այս համանախագահութիւնը տարիների ընթացքում մշակել է եւ, ահա, այդ սկզբունքներից մէկը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքներն են եւ մասնաւորապէս` ինքնորոշման իրաւունքը: Եւ այդ սկզբունքներից մէկը, օրինակ, ուժի չկիրառումն է, որը, ցաւօք, տեսանք 2020 թուականի ընթացքում կոպտօրէն ոտնահարուեց, եւ հիմա ոչ միայն Հայաստանը եւ Ադրբեջանը եւ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, այլեւ ողջ աշխարհը պիտի որոշի` արդեօք ուժի չկիրառումը մնո՞ւմ է հիմնարար սկզբունք աշխարհում, թէ՞ պետութիւնները կարող են թոյլ տալ ուժի կիրառմամբ եւ ուժի սպառնալիքով կարեւորագոյն հարցեր եւ ժողովուրդների ճակատագրեր որոշել, որովհետեւ, եթէ կանոնը խախտւում է մէկի համար, հաւանաբար, դուռ է բացւում նաեւ միւսների համար այդ ճանապարհով շարժուելու», պարզաբանեց Արարատ Միրզոյեան:
Ալեքսանտր Շալենպըրկ հաստատեց, որ Աւստրիոյ Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ կը շարունակէ հոգ տանել ու դրսեւորել իր նուիրումը՝ տարածաշրջանին եւ Հայաստանին: Ան դիտել տուաւ, որ Աւստրիա կը քաջալերէ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու եւ առկայ հիմնահարցերու լուծումը, որոնց կարգին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր երկխօսութիւնը: Ըստ անոր՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեծ քայլ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար:
Միւս կողմէ, Միրզոյեան, պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին ուղղուած հրաւէրին՝ մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին՝ յայտնեց, որ տակաւին իրենց կեցուածքը չէ ճշդուած։
«Ես եւ Ռուբէն Ռուբինեանը հրաւէր ենք ստացել մասնակցելու Անթալիայի միջոցառմանը: Ի դէպ, միջոցառումը քիչ առաջ քննարկել ենք նաեւ պարոն Շալենբերգի հետ: ՀՀ արտաքին գործերի նախարարութիւնը այս մասով դեռեւս որոշում չունի, հարցը քննարկւում է: Բայց կարեւոր է ընդգծել, որ սա երկկողմ այց չէ եւ պէտք չէ դիտարկել երկկողմ յարաբերութիւնների համատեքստում: Սա միջազգային դիւանագիտական իրադարձութիւն է, որին կարող է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշի մասնակցել: Ես այդտեղ ոչ միայն խնդիր չեմ տեսնի, այլեւ կարծում եմ, որ նոյնիսկ եթէ այն շաղկապենք Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հետ` դրական երանգներ հաղորդելուց բացի այլ բան չունի այդ միջոցառումը», Միրզոյեան։
Աւելի ուշ երկու նախարարները մասնակցեցան Աւստրիական զարգացման գործակալութեան գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Շալենպըրկ եւ Միրզոյեան նաեւ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, ուր անոնք դիմաւորուեցան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի կողմէ, որ հիւրին ներկայացուց յուշահամալիրի հիմնադրութեան պատմութիւնը։ Նախարարները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ ծաղիկներ՝ անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: