
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս շաբաթ հրապարակեց 2020-2021ի երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կազմակերպութեան տարած աշխատանքները՝ դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ։
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արդար հատուցում, Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւն, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում եւ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը կազմակերպելու եւ զայն քաղաքական աշխատանքի մղելու գործունէութիւնը։
«Նախորդ երկու տարիները աննախընթաց մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման մնացինք, առերեսուելով համաճարակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Արցախ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սանձազերծած ներխուժումին եւ բռնագրաւման, սակայն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, անձնակազմը, յանձնախումբերը եւ տեղական մասնաճիւղերն ու համակիրները անխոնջ եւ պայմաններուն յարմարելով աշխատանք տարին, պաշտպանելու համար հայութեան իրաւունքները», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Տեղեկագիրը կարդալու համար այցելել կայքէջը։