ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Flyone Armenia օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը՝ Երեւան-Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ, կատարուեցաւ 2 Փետրուարին: Ընկերութեան «Էրպիւս A320» օդանաւը «Զուարթնոց» օդակայանէն շուրջ 60 ուղեւորներ տեղափոխեց Պոլիս:
Առաջին թռիչքին անդրադառնալու եկան թրքական բոլոր առաջատար լրատուամիջոցները: Flyone Armenia ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան օդակայանին մէջ յայտարարութիւն կատարեց, ուրախութիւն յայտնեց եւ ըսաւ, որ «Երեւան- Ստամբուլ- Երեւան երթուղով առաջին չուերթը կապեց մեր երկու հնամենի քաղաքները»: Ան կարեւոր նկատեց Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ փոխադարձ օդային հաղորդակցութեան վերականգնումը՝ դիտել տալով, որ իրենք թռիչքներ կը կատարեն եւ քաղաքականութեան վերաբերող գնահատականներ չեն տար:

«Դա մեր առաքելութիւնը չէ: Մեր առաքելութիւնն այլ է՝ որակեալ, մատչելի ու անվտանգ աւիացիոն ծառայութիւնների տրամադրում, ինչի արդիւնքում իրար են կապւում մարդիկ ու քաղաքները, աշխուժանում են տնտեսական ու գործարար կապերը, զբօսաշրջութիւնն ու փոխադարձ այցելութիւնները, եւ մենք անելու ենք հնարաւորը այն յաւուր պատշաճի իրականացնելու համար: Կարեւորում ենք այս չուերթների մեկնարկը, ելնելով նաեւ այն հանգամանքից, որ դրանք կը սերտացնեն նաեւ հայկական համայնքի կապը մայր հայրենիքի հետ: Ես վստահ եմ, որ այս առումով, մեր չուերթները լինելու են յաջողուած: Կարծում եմ, ձեզնից շատերը ցանկանում են հասնակալ, թէ տարբեր հարցերի շուրջ ինչպէ՞ս են մտածում մեր երկրում: Իմ համոզմամբ՝ ձեզ հետաքրքրող բոլոր հարցերի պատասխանները կարող էք գտնել այցելելով Հայաստան, եւ մեզ համար կրկնակի ուրախալի կը լինի, եթէ Հայաստան այցելելիս օգտուէք մեր աւիաընկերութեան ծառայութիւնից», նշեց Անանեան:
Պոլսոյ մէջ, Արամ Անանեան հանդիպում ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի հետ, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ թռիչքներու վերսկսման առնչութեամբ` նշելով, որ այս քայլը ջերմօրէն կ՛ողջունեն նաեւ համայնքի անդամները: Ան յոյս յայտնեց, որ թռիչքներու վերսկսումը դրական գործօն կը դառնայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոն ընթացքը խթանելու ճամբուն վրայ, եւ թէ ուղիղ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները անգնահատելի են երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներու փոխադարձ ճանաչման իմաստով:
Անանեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ յայտնելով, որ ընկերութիւնը թռիչքները կը կատարէ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ կը գիտակցի գործի կարեւորութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ հայկական համայնքի անդամները կ՛օգնեն իրենց ջանքերուն եւ մեծապէս կ՛օգտուին ուղիղ թռիչքներէն: