ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 Փետրուարին, Վիեննայի մէջ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
Նշենք, որ հայ եւ թուրք ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ, որմէ ետք կողմերը յայտարարեցին, թէ համաձայնած են շարունակել ամբողջական կարգաւորման վերաբերող բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու: