
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ հերքեց ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուող տեղեկութիւնները այն մասին, որ իբր թէ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կրակ բացած են ատրպէյճանական Ղափանլու բնակավայրին ուղղութեամբ:
«Այդ տեղեկութիւնները, կեղծ են եւ ոչ մի առնչութիւն չունեն իրականութեան հետ: Իրականում նշուած հատուածում հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտուել է ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաստատեց իր հաւատարմութիւնը զինադադարի պահպանման գծով ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն:
Նոյն ժամանակ, բանակը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ ձեռնպահ մնալու նման տեղեկատուական խարդաւանքներէ:
Տեղեկացնենք, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 7 Փետրուարին տարածեց հաղորդագրութիւն մը՝ ըսելով, որ իբր թէ հայկական կողմը կրակ բացած է ատրպէյճանական Ղափանլու բնակավայրին ուղղութեամբ: