
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ Հոկտեմբերին իրականացուցած է Հայաստանի մէջ մարդասիրական իր 22րդ առաքելութիւնը, առաջնորդութեամբ` Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Բժշկական բաժանմունքի դասախօս, վիրաբոյժ ու Հայաստանի մէջ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի` լսողութեան գործողութիւններու ծրագիրի վարիչ տոքթ. Աքիրա Իշիյամայի եւ նոյն համալսարանի Բժշկական բաժանմունքի հիւանդապահներու միջազգային ծրագիրներու պատասխանատու եւ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի հիմնադիր դոկտ. Սալբի Ագարակեանի:
Նորագոյն առաքելութեան նեցուկ կանգնեցաւ համալսարանին մէջ գործող «Խոստումը» հայկական հիմնարկը:
Այս մէկը հիմնադրամին երկրորդ առաքելութիւնն էր 2021ի ընթացքին․ անոր շնորհիւ կարելի եղաւ եւս 10 մանուկներու վրայ յաջող վիրաբուժութիւններ իրականացնել, անոնց շնորհելով լսելու կարելիութիւնը, այս տարուան ընթացքին նման պատեհութիւն շնորհելով 24 մանուկներու եւ պատանիներու:
2003ին հիմնուած Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամը 2004էն ի վեր, Հայաստանի մէջ առաւել քան 150 մանուկներու եւ չափահասներու շնորհած է լսելու պարգեւը: Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ կը մարզէ հայ բժիշկներ, որպէսզի իրենք եւս կատարեն նման գործողութիւններ, մօտէն գործակցելով Հայաստանի կառավարութեան, «Երեբունի» բժշկական կեդրոնին եւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան հետ:
Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը:


