ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համայնքի երկարամեայ ղեկավարներէն Շանթ Սահակեան դարձեալ իր թեկնածութիւնը դրած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան Դ. ընտրատարածքի ընտրութիւններուն։
Սահակեան 2017ին ընտրուեցաւ այդ մարմինի անդամ եւ ներկայիս անոր ատենապետն է։ Ան վարչութեան անդամ ընտրուած ամէնէն երիտասարդ թեկնածուն էր։
Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ան յատկանշական բարեկարգումներու դիմած էր, որպէսզի կրթաշրջանի հանրային վարժարաններ յաճախող աշակերտները ստանան բարձրորակ կրթութիւն։
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի դպրոցներէն շրջանաւարտ Սահակեան հասակ նետած է քաղաքին մէջ եւ 14 տարեկանին հիմնած է «Սետնա Սոլուշընզ» ընկերութիւնը, որ տեղական ընկերութիւններու եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւններու հաղորդակցական կարիքներուն հասած է։ Ան կամաւոր այլ աշխատանքներ կատարած է քաղաքի տարածքին՝ բարելաւելով քաղաքի սպասարկութիւններու որակը եւ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու կարելիութիւնները։ Սահակեան անդամակցած է քաղաքի շարք մը կազմակերպութիւններու եւ յանձնաժողովներու։ Ան եղած է համաատենապետ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին եւ մաս կազմած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քայլարշաւը կազմակերպած մարմինին։
2016ին ան ստացած է Կլենտէյլի Առեւտուրի գրասենեակի «Տարուան Անձնաւորութիւնը» մրցանակը, որ կու գայ աւելնալու քաղաքի քանի մը այլ կազմակերպութիւններէն իր ստացած մրցանակներու հաւաքածոյին։
Սահակեան ձեւաւորման եւ շուկայական մարզերուն մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յարակից ծրագիրին (UCLA Extension) մէջ։
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել կայքը։