ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճեֆ Ֆլէյք թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Անգարայի արտաքին քաղաքական օրակարգին, խօսած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին՝ զայն համարելով «հոյակապ զարգացում»:
«Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը եւ այժմ Վիեննայի մէջ կայանալիք հանդիպումը մեզ շատ կ՛ուրախացնէ: Այս զարգացումները իսկապէս գօտեպնդող են: Պոլիս-Երեւան ուղիղ օդանաւային հաղորդակցութեան վերսկսումը եւս կարեւոր ազդակ է», աւելցուցած է Ֆլէյք:
Ֆլէյքի թեկնածութիւնը Ծերակոյտին կողմէ հաստատուեցաւ Հոկտեմբեր 2021ին: Յունուարի սկիզբը ան հասաւ Անգարա՝ փոխարինելով դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը: