Հինգշաբթի, 17 Փետրուարին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ֆրանսայէն՝ վեր. Ժիլպէր Լեւոնեանը, ընկերակցութեամբ դարձեալ Ֆրանսայէն վերապատուելիներու եւ մարդասիրական աշխատանքի լծուած երկու ֆրանսացիներու: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան գծով Ֆրանսային ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերատնտեսական կարիքներուն օժանդակելու անհրաժեշտութեան
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.