ՊԷՅՐՈՒԹ․- «Ազդակ»-ի 44րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Ղազախստանը` թուրանական գարնան եւ ռուս-թրքական աքցանին մէջ», իսկ դասախօսը` Ղազախստանի մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Վազգէն Գավլագեան: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»ի համացանցային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նիւթը բաժնեց երեք հիմնական մասի. առաջին` Ղազախստան երկիրը յատկանշող հիմնական տեղեկութիւններ, երկրորդ` թուրանական շարժումն ու գաղափարախօսութիւնը, եւ երրորդ` Ղազախստանի վերջին իրադարձութիւնները:
Թուրանական շարժման եւ գաղափարախօսութեան ընդհանուր ծիրին մէջ, դասախօսը տուեալներ ներկայացուց յատկապէս Թուրքիա-Ղազախստան յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին եւ Ղազախստանի թրքական-թուրանական աշխարհին մէջ կարեւոր երկիր ըլլալու հանգամանքներուն:
Հրատապ բաժինը կը վերաբերէր Ղազախստանի դէպքերուն, նշելով, որ «Գորշ գայլեր»էն մինչեւ Կիւլենի շարժում եւ ամերիկեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից դարձած են կառավարութեան դէմ բողոքի ժողովրդային շարժումի ծաւալման գործընթացին:
Դասախօսը այս բաժնով խօսեցաւ նաեւ ներղազախեան հակասութիւններուն եւ երկրի հարստութեան՝ փոքրամասնութեան մօտ կուտակումի փաստերուն մասին:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ յատկապէս վերջին իրադարձութիւններու զարգացման լոյսին տակ տեսակէտներու եւ հարցումներու ճամբով քննարկում: