ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Խոր հիասթափութիւն ու անհանգստութիւն յառաջացնող լուրի մը մասին տեղեկութիւն հասաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Յունաստանի երկու միաւորներուն՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին, Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանին միջոցաւ, ուր կը յայտնուէր, թէ օդակայանի պահեստանոցին մէջ կը շարունակեն մնալ՝ Յունաստանէն մէկ տարի առաջ, 12 Դեկտեմբեր 2020ին, եւ 9 Յունուար 2021ին, 15 արկղներ, որոնք հասցէագրուած էին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Յունաստանի ամբողջ տարածքին կատարուած մարդասիրական օգնութեան արշաւ մը կազմակերպուեցաւ, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44օրեայ պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն ետք, Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն օգնելու եւ յատկապէս հայ զինուորներուն կարիքները հոգալու նպատակով։ Աննախադէպ ծաւալներու հասած՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդէն գոյացած մարդասիրական այս օգնութիւնը կազմակերպուած էր Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին կողմէ, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին գաղութի բոլոր ազգայինները, յունական մեծ ընկերութիւններ, մարդասիրական կազմակերպութիւններ, անհատներ եւ յունական պետութիւնը, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նեցուկով եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած երկու օդանաւերով, Երեւան հասցուց օգնութեան մեծ մասը։
Հսկայական քանակութենէն այն մասը որ հագուստեղէն, ծածկոցներ, խաղալիքներ, զանազան պիտոյքներ, վերմակներ կը ներառնէր, ուղղուած էր Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան, որ օրին ներկայացաւ օդակայան եւ յաւելեալ գումարներ վճարելով ստանձնեց ու վերցուց օգնութեան ծրարները, զանոնք հասցնելով կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն։
Իսկ այդ մասը, որ բժշկական սարքեր եւ դեղորայքի մեծ ու թանկարժէք քանակութիւն կը ներառնէր, հասցէագրուած էր արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։ Տակաւին օդակայան կը մնայ այս բաժինը, որ շատ կարեւոր էր վիրաւոր մեր զինուորներու խնամքին համար։ Հակառակ «Զուարթնոց»ի ճնշումներուն, նախարարութիւն ցարդ մերժած է ստանձնել օգնութեան իր բաժինը։
Այս առիթով, ՀՕՄի Յունաստանի միաւորները այս առիթով բողոքի նամակներ յղեցին արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի միջոցաւ։ Նամակին մէջ կը պահանջուի յստակացնել յապաղումի ու անտարբերութեան պատասխանատուները, որոնք իրենց պարտականութիւնը ժամուն չկատարելով, վիրաւոր մեր զինուորներէն զրկեցին անհրաժեշտ դեղորայքէն։ Կը շեշտուի, թէ հարկ է անմիջապէս ստանձնել ապրանքը, որ այնքան մեծ հոգատարութեամբ հաւաքագրուեցաւ ու առաքուեցաւ, իր նպատակին՝ հայ հերոս զինուորներու կարիքներուն ծառայելու համար։