ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն բուրդէ գլխարկը՝ գլխուն, կամուրջի նմանող լսողական գործիքը՝ ականջներուն, պարոն Յակոբը այսպէս խօսեցաւ առաջին անգամ «Զում»ի պաստառէն, երբ իրարու հանդիպեցանք:
– Հայերէն կը խօսիմ, կը կարդամ, բայց գրաւոր հայերէնս կ՛ուզեմ բարելաւել: Կ՛ուզեմ հայ գրագէտներու գործերուն ծանօթանալ:
Ամէն Երկուշաբթի ժամը եօթին էր մեր ժամադրութիւնը: Այդ ժամանակ պրն. Յակոբ եօթանասունութը տարեկան էր: Ժրաջան «աշակերտ»՝ իւրաքանչիւր դասէ ետք՝ «լա՛ւ. պարտականութիւնս ի՞նչ է. ի՞նչ պէտք է ընեմ» կ՛ըսէր: Կարճ ամփոփում մը կամ շարադրութիւն մը կ՛ըլլար շաբթուան ընթացքին ղրկելիքը: Սկիզբը կը գանգատէր, որ տասներկու ժամ առեր էր մէկ էջ գրելը: Հետզհետէ սակայն, ա՛լ կարելի չեղաւ զինք կեցնել:
Պրն. Յակոբ սորվեցաւ հայերէն մեքենագրել. «Ամազոն»էն ապսպրեց հայերէն ստեղնաշարը ունեցող ծածկոյթը եւ յամառօրէն աշխատեցաւ տիրապետելու համար գիրերու տեղերուն: Շուտով սկսաւ հայերէն պատգամներ ղրկել բջիջայինով. «Անի ճան, Լեւոն Շանթի «Հոգիները Ծարաւի»ն հիմա վերջացուցի. մէկ շունչով կարդացի»…
Պրն. Յակոբ սրամիտ եւ կատակասէր անձ ըլլալուն, յաճախ զուարթաբանութեամբ կը սկսէր դասերը:
– Չե՛ս հաւատար եթէ պատմեմ ի՛նչպէս կ՛երթամ շուկայ, բժիշկի, կառավարական որեւէ տեղ: Մինչ տիկինս՝ Սոնիան իր պայուսակի կոթը անցուցած կ՛ըլլայ թեւին, ես՝ Շանթի հատորը դրած կ՛ըլլամ թեւիս տակ. կարծես մարմինիս կը պատկանի այլեւս… կը կարդամ ու կը կարդամ… տիկինս նախանձելու սկսաւ. «Շանթը ինձմէ աւելի կը սիրես», կ՛ըսէ… Իսկապէ՛ս՝ բացառիկ մարդ է եղեր Լեւոն Շանթը… Ուաո՜ւ…հոգիներուն խո՛րքը կը մտնէ. եւ ի՛նչ արդիական մտածելու ձեւ ունի…մամա միա՜…
Կամաց-կամաց ճանչնալու սկսայ համակրելի «աշակերտ»ս:
Նախ հասկցայ, թէ ուրկէ՞ կու գար հայերէնի հանդէպ սէրն ու յարգանքը: Մօրմէ՛ն: «Մամաս, Վերժին էր անունը՝ շա՛տ կը սիրէր հայերէնը եւ կ՛ուզէր, որ ամէն մարդ հայերէն սորվէր. անոր համար որոշեց Լաս Վեկասի մէջ հայկական շաբաթօրեայ վարժարան ստեղծել: ՀՕՄի անդամուհի էր եւ կարգադրեց, որ Լաս Վեկասի գրադարանին մէջ շաբաթօրեայ դասընթացքներ հաստատուին: Յետոյ, քոյրս, եղբայրս եւ ես որոշեցինք իր յիշատակը յարգելու համար դպրոցին նիւթական բոլոր ծախսերը հոգալ… այսօր քառասունհինգ աշակերտ հայերէն գրել-կարդալ կը սորվի հոն: Մամաս կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ Լաս Վեկասի ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ, եւ մենք մինչեւ այսօր օգտակար կ՛ըլլանք ՀՕՄին»:
Շանթի «Վերժինը» մեր կարդացած առաջին վիպակը եղաւ անշուշտ, ի յիշատակ գիտակից հայուհի տիկին Վերժինին…
Պրն. Յակոբին հետ կարդացինք Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը, Ա. Ծառուկեամի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը, Վ. Թեքեանի «Ճեղքուած Մանրանկար»ը, Պետրոս Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Մ. Իշխանի բանաստեղծութիւնները, Հրաչեայ Աճառեանի յուշերը եւ Լեւոն Շանթի բոլո՜ր վիպակները….
«Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ի առաջին քանի մը պատմութիւնները կարդալէ ետք, օր մը ըսաւ.«Անի ճան. քունս կը փախցնեմ ամէն գիշեր. սիրտս կու լայ այս խեղճ որբերուն համար. տխուր պատմութիւն չե՛մ ուզեր կարդալ». իսկ ես՝ անողոք՝. «Մէյ մը սկսեր ենք, պրն. Յակո՛բ. կարդանք, վերջացնենք»: Խե՜ղճ «աշակերտս» ուրիշ ճար չունէր… յուզուելով, փղձկալով՝ շարունակեց ու վերջացուց…
«Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը կարդալու ատեն սակայն, խնճոյք էր, որ ունեցանք «Զում»էն ներս: Երկուքս ալ կը մարէինք խնդալէն…
Իրիկուն մը պրն. Յակոբ ժպիտով ըսաւ. «Շուրջս մեծապատիւ մուրացկաններ շարքի կեցած են: Զիս Աբիսողոմ Աղայի տեղ կը դնեն…»:
Աբիսողոմ Աղան՝ ո՜ւր, պարոն Յակոբը՝ ո՜ւր: Պրն. Յակոբը զգայուն ու նուրբ հոգի ունենալուն, անմիջապէս կը հասկնայ այսինչ կազմակերպութեան կամ այնինչ դպրոցին կացութիւնը եւ ինքնաբուխ կերպով կու տայ… բնա՛ւ չի փափաքիր, որ իր ունեցած «ագարակը, էշերն ու սպասաւորները» յիշուին, թէեւ իրաւացիօրէն կ՛ուզէ, որ հաշուետուութիւնը ըլլայ արագ եւ ամբողջական, ստացագիրները հասնին ճի՛շդ ժամանակին:
Այդպէս՝ երբ Ճեմարանի համար նուիրահաւաք տեղի կ՛ունենար, քսան հազար տոլար նուիրեց իր եւ ընտանիքին՝ Քուճաքեան հիմնարկին ճամբով: Երբ Պէյրութի ահաւոր պայթիւնը եղաւ, անմիջապէս մտածեց պէյրութահայ պզտիկներուն հասնիլ, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի պզտիկներու պարասրահի նորոգութեան ծախսերը յանձն առնելով. (այդ վայրը այսօր, իր ծնողքին անունով կը կոչուի «Աբրահամ եւ Վերժին Ղօճախեան» սրահ): Երբ լսեց, որ տնտեսական վիճակը ծայր աստիճան ծանր է, անմիջապէս քսանհինգ «թապլէթ» ղրկել տուաւ Ճեմարան, որպէսզի աշակերտները հետեւիլ կարենան առցանց դասաւանդութեան: Իսկ անցնող կաղանդին աղուոր անակնկալ մը ըրաւ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն՝ նիւթական պարգեւներ հասցնելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին: Այո՛, Քուճաքեան հիմնարկին անունով կատարուեցան այս բոլորը, բայց դէպի Համազգայինի ուսումնական կեդրոնները օգնութիւն ուղղելը պարոն Յակոբին գթառատ սրտին արտայայտութիւնն էր անկասկա՛ծ. ու մանաւա՛նդ՝ անդրադարձը, թէ Լեւոն Շանթ Համազգայինի ու Ճեմարանի հիմնադիր տիտաններէն մէկը եղած էր:
«Ես հայերէն կարդալով տարբեր մարդ եղայ», կ՛ըսէ յաճախ եւ կ՛աւելցնէ. «Մէջս բան մը փոխուեցաւ. գիտե՞ս քանի անգամ կարդացի Շանթի «Դարձը». կատակ չեմ ըներ՝ չո՛րս անգամ. շա՜տ սիրեցի Արտաշէսին եւ Շուշիկին խօսակցութիւնները եկեղեցւոյ մասին… մտածել տուին»:
Պարոն Յակոբ եկեղեցական չէ, բայց ամէն Կիրակի դպրութիւն կ՛ընէ. պատարագը ծայրէ ծայր գոց գիտէ: Ազգային երեսփոխան՝ հետամուտ է հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու արդար վարձատրութեան. ուսուցիչը պանծացնող գովերգներէն խրտչելով՝ իրակա՛ն, շօշափելի արարքներու կը ձգտի ան:
Այս ամառ պարոն Յակոբ պիտի դառնայ ութսուն տարեկան: Արդէն երկու տարի է՝ ծանօթացած եմ այս ազնի՜ւ անձնաւորութեան, եւ ամէն հանդիպումի գոհունակութեամբ կը լեցուի հոգիս:
Ոմանք կրնան մտածել, թէ պարոն Յակոբը բնա՛ւ ալ պէտք չունէր հայերէն գրելը բարելաւելու, որովհետեւ, ըստ մեր մէջ տարածուած շուկայական մտայնութեան՝ «հայերէնը չ’ուտուիր», «դրամ չի բերեր», «բանի չի ծառայեր»,«երկրորդական է»:
Պրն. Յակոբ, կեանքի մէջ յաջողած գործարար՝ հակառակը փաստեց. ան փնտռեց ու գտաւ իր «տան» բանալին, միաժամանակ քաջալերելով, որ ուրիշներ ալ վերադառնան դէպի հայերէն լեզու, հայերէնով արտայայտուած մտածում եւ հայերէնով հիւսուող կեանքի պատմութիւն:
Պարո՛ն Յակոբ,
Համազգայինի եւ Ճեմարանի անունով՝ ջե՛րմ շնորհակալութիւններ ձեզի, ձեր ազնիւ տիկնոջ՝ տիկին Սոնիային եւ Քուճաքեան հիմնարկի բոլո՛ր անդամներուն:
Նորէն Երկուշաբթի է եւ նորէն «Զում»ի ճամբով մտեր էք տուն: Խնդրեմ՝ նստեցէք. ի՞նչ գիրք պիտի ընտրէք այսօր…
Օ՜ հասկցայ. Մուշեղ Իշխան կ՛ուզէք կարդալ եւ ձեր էութեամբ ու գործով իսկ հաստատել, որ…
Հայ լեզուն տունն է հայուն
Աշխարհիս չորս ծագերուն
Ուր կը մտնէ ամէն հայ
Իբրեւ տանտէր հարազատ…