ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.», «Էյ.Պի.Սի.»․- Չորեքշաբթի օր, Ուքրանիոյ կարգ մը քաղաքներէ բնակչութեան հեռացումը արտօնելու նպատակով զինադադարը յարգուեցաւ, սակայն ռուսական ուժերը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Մարիոփոլ, արեւելեան Խարքով եւ շարք մը այլ քաղաքներ, ուղղակի հարուած մը հասցնելով նաեւ Մարիոփոլի մանուկներու հիւանդանոցին։
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» կայանին հետ հարցազրույցի մը ընթացքին, պատասխանելով Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար ներկայացուցած պայմաններուն, ներառեալ Ուքրանիոյ` ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը մերժելու կէտին, շեշտեց. «Ինչ կը վերաբերի ՆԱԹՕին, շատոնց կորսնցուցի անդամակցութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնս, երբ անդրադարձանք, որ ՆԱԹՕն պատրաստ չէ Ուքրանիան ընդունելու, որովհետեւ դաշինքը Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններէն ու ճակատումէն կը վախնայ»՝ աւելցնելով․ «Արեւմուտքը պատասխանատու է Ուքրանիոյ մէջ մարդոց մահուան համար, որովհետեւ կը մերժէ օդային տարածքը փակել եւ օդանաւեր տրամադրել մեզի»:
Պատասխանելով Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս, իսկ Տոնպաս շրջանի Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւնները իբրեւ անկախ պետութիւններ ճանչնալու կարելիութեան մասին հարցումի մը՝ Զելենսքի յայտարարեց. «Զիս ընտրած ժողովուրդը պատրաստ չէ անձնատուութեան, մենք պատրաստ չենք վերջնագիրներու: Սակայն մենք կրնանք Ռուսիոյ հետ քննարկումներ կատարել Խրիմի եւ Տոնպասի ապագային վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք քննարկել հարցեր, որոնք կը վերաբերին ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած տարածքներուն եւ չճանչցուած հանրապետութիւններուն, զորս բացի Ռուսիայէն ոչ ոք ճանչցած է, մենք կրնանք այդ տարածքներուն հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ փոխզիջումի տարբերակներ գտնել: Ինծի համար կարեւորագոյնը այն է, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրին այդ տարածքին մէջ մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն Ուքրանիոյ մէկ մասը ըլլալ: Ո՞վ Ուքրանիոյ մէջ պիտի ուզէ զանոնք ընդունիլ: Այդ պատճառով հարցը շատ աւելի բարդ է, քան պարզապէս ճանաչումը»:
Ան դարձեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց` բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան սկսելու:
Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդական Միխայիլ Պոտալիաք յայտնեց, որ Զելենսքի պատրաստ է Ռուսիոյ հետ քննարկելու քաղաքական որեւէ հարց, ներառեալ` ապահովական երաշխիքները, զորս ՆԱԹՕն մերժած էր ընդունիլ:
Նշենք, որ Զելենսքի Երեքշաբթի օր Բրիտանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին առցանց ուղերձ մը յղեց: Բրիտանացի երեսփոխանները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Ուքրանիոյ նախագահը:
«Ուքրանական դիմադրութիւնը ներկայիս Եւրոպայի ապագան կ՛որոշէ», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահը: Ան արեւմուտքցի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց՝ իր երկրին պատերազմական օդանաւեր տրամադրելու, ինչպէս նաեւ աշխարհին կոչ ուղղեց ռուսական քարիւղը եւ արտածումները ամբողջութեամբ պոյքոթի ենթարկելու: