ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Երեքշաբթի կէս գիշերին աւարտեցաւ 2022ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներու արձանագրութեան ժամկէտը:
Ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներու թիւը հասաւ 1043ի՝ գերազանցելով 2018ի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն թիւը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի նահանգապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Մատենագիտութեան ընդհանուր տնօրէնութեան վերաբերող հարցերու լուծման համար, որպէսզի կարելի ըլլայ անձնաթուղթեր եւ «իխրաժ քայտ»եր, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան համար անհրաժեշտ նկատուող ամէն տեսակի փաստաթուղթեր տրամադրել քաղաքացիներուն:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ընտրութեան օրուան համար ելեկտրականութիւն ապահովելու` քուէարկութեան ընթացքի սկիզբէն մինչեւ յաջորդ օրուան վերջնական տեղեկագիրի հրապարակումը:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած թուականին` 15 Մայիսին, աւելցնելով, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կան 7000 քուէակեդրոններ:
Ան աւելցուց, որ 10 օր ետք երկրորդ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ նահանգապետներուն հետ` սերտելու համար պահանջները:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, որ ինք ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով, որ իր այս կեցուածքը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու քայլ, «այլ` նոր ուժերու առիթ ընծայելու քայլ մը: Երեսփոխանական ընտրութիւններու հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլամ, սակայն առանց թեկնածութիւնս առաջադրելու»: