ՊԵՐԼԻՆ, «Ակօս»․- Թուրքիայէն աքսորեալ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան համագումար» խորագիրով ժողովը։
Նոյն խորագիրով, առաւել քան 2.5 տարի առաջ նոյնպէս տեղի ունեցած էր նման մէկտեղում մը, այդ իսկ պատճառաւ այս վերջինը կոչուեցաւ երկրորդ հանդիպում։
Փրոֆ. Նեշէ Էօզկենի եւ պոլսահայ լրագրող Հայքօ Պաղտատի արտասանած բացման ճառերէն ետք մեկնարկեց երկօրեայ համագումարը, որ ի մի կը բերէր Եւորպայի զանազան երկիրներէ եւ Թուրքիայէն բազմաթիւ ընդդիմադիր ակադեմականներ, լրագրողներ ու մտաւորականներ։
Համագումարին առաջին նիստը կը կրէր «Վնասի ստուգում» խորագիրը եւ ներկայացուած զեկոյցներէն մէկը «Ակօս»ի սիւնակագիր Պասքըն Օրանի զեկոյցն էր։ Այս նիստի ատենախօսները ընդգծեցին մենատիրական վարչակարգի պետական համակարգին վրայ գոյացուցած ժխտական ազդակները։
Առաջին օրուան երկրորդ նիստի խորագիրն էր՝ «Ելքի միջոց», որուն ատենախօսները անդրադարձան Թուրքիոյ ներկայ պայմաններուն՝ ընդգծելով դատական համակարգի քաղաքականացման, մամուլը իշխանութեան քարոզչամեքենայի վերածելուն, խորհրդարանի լիազօրութիւններու սահմանափակման, ակադեմական անկախութեան վերացման, հասարակութեան բեւեռացման, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կազմած դաշինքներուն եւ գործող կառավարութեան պատճառած ընկերային, տնտեսական եւ բնապահպանման աւերները յաղթահարելու միջոցներուն։
Երրորդ նիստի խորագիրն էր՝ «Ապագան կերտել»։ Ժողովավար Ճան Տիւնտար «Ինչպէ՞ս պիտի ապահովենք հասարակական համերաշխութիւնը։ Պիտի կրնա՞նք ներել զիրար» հարցումները ուղղելով՝ նշեց պետական կառոյցներուն ենթարկուած իմաստազրկութիւնը։ Ան նշեց, թէ ոստիկանութիւնը բռնատիրութեան գործիքի վերածուած է։
Յաջորդ նիստերը պարզեցին Թուրքիոյ այժմու համայնապատկերը եւ քննեցին հաւանական իշխանափոխութենէ մը ետք վերակերտման միջոցները։