Չորեքշաբթի 2 Մարտին, յայտնի բժիշկ, ազգային գործիչ Ռաֆֆի Պալեան Փասատինա քաղաքի Պլեր Հայկական ճեմարանի խումբ մը աշակերտներու տուաւ գրական-բժշկական դասախօսութիւն մը՝ աւանդութիւն մը, որ ունի տասնամեակ մը անցեալ:
Փասատինա քաղաքին մէջ, Պլեր երկրորդական վարժարանին մէջ, անցեալ տարի գործելու սկսած Հայկական ճեմարանի աշակերտները, աւարտած ըլլալով վաղամեռիկ բանաստեղծներ Միսաք Մեծարենցի եւ Մատթէոս Զարիֆեանի նուիրուած դասաշրջանը՝ իբրեւ հիւր դասախօս ընդունեցին բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանը, որպէսզի թոքախտին եւ գեղապաշտ շրջանին ծանօթանան բժիշկի մը աչքերով:
Տոքթ. Պալեան նախ բացատրեց, թէ ի՛նչ է թոքախտը, ապա ներկայացուց թոքախտին վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթեր, ինչպէս՝ այն մանրէն, որ պատճառ կ՛ըլլայ այդ հիւանդութեան, ինչպիսի միջավայրերու մէջ անիկա կը տարածուի, ինչպէ՛ս կը փոխանցուի, ի՛նչ վնաս կու տայ մարդու մարմինին եւ հոգեկան տրամադրութեան, ի՛նչ դեղամիջոցներ գոյութիւն ունին զայն դարմանելու համար, եւ այլն: Ան նաեւ ըսաւ, թէ հակառակ անոր որ հիւանդութիւնը կը կոչուի «թոքախտ», անիկա կրնայ նաեւ տարածուիլ մկաններուն, ուղեղին եւ երիկամունքին մէջ:
Ապա հիւր բժիշկը խօսեցաւ «թոքախտ-հայկական քերթողութիւն» կապին մասին: Ան բժիշկի մը աչքերով մեկնաբանեց հայ բանաստեղծներու ստեղծած գրական պատկերները, ինչպէս՝ «պալասանով օծուն», «անոյշ գիշեր», «աւերակ հոգի», «լուսեղէն ճամբայ», եւ այլն:

Հետաքրքրական էր տեսնել դեղերու զարգացումը հաշիշ եւ պալասանէն դէպի արդիական «անթիպիօթիք»ներ:
Աշակերտները դասախօսութիւնը յափշտակուած ունկնդրելէ եւ իրենց տետրակներուն մէջ առատ նշումներ կատարելէ ետք, իբրեւ երախտագիտութիւն՝ միաբերան արտասանեցին Մեծարենցի «Սիրերգ» քերթուածը: Անոնք նաեւ բժշկական ասպարէզին վերաբերեալ հարցումներ տուին հիւր դասախօսին:
Վերջաւորութեան, աշակերտները տոթք. Պալեանին ներկայացուցին բոլորին կողմէ մակագրուած շնորհակալական բացիկ մը:
Յարգելի հիւրը խոստացաւ դարձեալ այցելել Հայկական ճեմարանը եւ աշակերտներուն դասախօսել գրական-գիտական այլ նիւթերու մասին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)