ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ Չորեքշաբթի օր, Մոսկուայի մէջ ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Մոսկուա կ՛ողջունէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ դրացի երկիրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած «3+3» ձեւաչափին` դարձեալ ընդգծելով, որ Մոսկուա կը փափաքի, որ անոր միանայ նաեւ Վրաստան:
«Գաղտնիք չէ, որ Ուքրանիոյ հարցով, Մոսկուայի եւ Անգարայի տեսակէտները իրարու չեն համապատասխաներ», ըսաւ Լաւրով , սակայն շեշտեց, թէ Մոսկուա «բարձր կը գնահատէ եւ մեծ յարգանքով կը վերաբերի Թուրքիոյ դիրքորոշման: Այդ երկիրը կը փորձէ առարկայականօրէն լուծել ներկայ ճգնաժամէն բխող հարցերը»:
Իր կարգին, Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ: «Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական ֆորումին (Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ – Խմբ.) շատ լաւ երկխօսութիւն ունեցանք: Ռուսիա գործընթացի սկիզբէն ի վեր կը ցուցաբերէ աջակցութիւն։ Ատրպէյճան եւս կ՛աջակցի: Նախ ապահովենք կրակի դադրեցումը, հաստատենք խաղաղութիւն, որպէսզի մեր տարածաշրջանը խաղաղ ըլլայ», ըսաւ Չաւուշօղլու: