ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Չորեքշաբթի օր առցանց ելոյթ մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ, նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ուքրանիոյ տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն համար, ապա շեշտելով, թէ Ուքրանիոյ տարածքին թռիչքներու արգիլեալ գօտի պէտք է հաստատուի, առնուազն մասամբ կրճատելու համար ռուսական յարձակումներուն մարդկային եւ նիւթական վնասները։
Զելենսքի մէկ օր առաջ դարձեալ յայտարարած էր, թէ Ուքրանիա ՆԱԹՕի անդամ պիտի չդառնայ, «եւ այս իրողութիւնը պէտք է ընդունիլ»: «Տարիներ շարունակ մենք լսած ենք իբրեւ թէ բաց դռներու մասին, սակայն արդէն տեղեկացած ենք նաեւ, որ մենք այնտեղ մուտք պիտի չգործենք», ըսաւ ան, սակայն նաեւ անտեղի համարեց ՆԱԹՕի այն մտավախութիւնները, թէ Համաշխարհային Գ. պատերազմ կրնայ սկսիլ, եթէ Ուքրանիոյ օդային տարածքը արգիլեալ գօտի հռչակուի։
«Կը կարծեմ, որ մինչեւ Մայիսի սկիզբը կրնանք (Ռուսիոյ հետ) հաշտութեան համաձայնագիրի հասնիլ, կամ, թերեւս նաեւ աւելի շուտ: Տեսնենք. ամէնէն ուշ ժամկէտը կը նշեմ: Հիմա կա՛մ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին արագ հաշտութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի` զօրքերու դուրս բերումով եւ մնացեալով, կա՛մ յառաջիկային պիտի համաձայնինք` պատերազմելու փորձէն ետք», միւս կողմէ յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ:
Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ իր դաշնակիցներուն պարտադրած խիստ պատժամիջոցները «ջախջախած են» Ռուսիոյ տնտեսութիւնը: «Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, հարցումը պէտք է ուղղուի Փութինին: Մենք ամբողջութեամբ ջախջախեցինք անոր տնտեսութիւնը», ըսաւ Փսաքի:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի, պաշտպանութեան նախարարին, նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատուին, «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնին, նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին եւ այլոց դէմ Ռուսիա մուտք չգործելու արգելք եւ Ռուսիոյ մէջ անոնց ստացուածքին սառեցում հաստատեց: Մոսկուա այդպիսով հակադարձեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ այլոց դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ ռուսական ուժերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են Խերսոնի ամբողջ շրջանը: Ան աւելցուց, որ ինքնահռչակ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան զօրքերու յարձակողական խմբաւորումը ճեղքած է ուքրանացի ազգայնականներու պաշտպանութիւնը եւ գրաւած Փանելէյմոնովքա բնակավայրը: