- ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ
- ՎԵՐԱ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
- ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

Աշխէն Փիլաւճեանի մահուան քառասունքին առիթով սրտի խօսք արտայայտեց նաեւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ան վերյիշեց մամա Աշխէնին հետ ազգային պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ ունեցած կարգ մը դիպուածներու մանրամասնութիւններ՝ հաճելի ներկայացումով։ Անոնց գործակցութեան վառ օրինակն է Ազգային առաջնորդարանի գողտրիկ անկիւնը՝ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռը, որ կը յաւերժացնէ տիկին Աշխէնի անունը։
Կը մէջբերենք Աշխէն Փիլաւճեանին նուիրուած գրքոյկին համար՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գրած առաջնորդող յօդուածէն բաժին մը.
«Տիկին Աշխէն Փիլաւճեանի ձօնուած այս գրքոյկը մեր յիշողութեան մէջ կը թարմացնէ ծառայութիւններն ու նուիրաբերումները ազնուական ու բարերար ընտանիքներուն, որոնց անդամները ծնունդ առած են հայաշունչ օճախներու յարկին տակ, հասակ առած ու տոգորուած են հայութեան արժանիքներով ու անոնց կեանքը, ծառայութիւնն ու վաստակը դարձած են զիրենք ծնող ժողովուրդին նուիրումի խորհրդանիշ։
«Արդարեւ, տէր եւ տիկին Ալեքսան եւ Աշխէն Փիլաւճեան ամոլը հարազատ ընձիւղումն են հայութեամբ եւ հայկականութեամբ մարմնաւորուած ընտանիքներու։ Այս աւանդին անդրանիկ կիրարկողը եղած է նոյնինքն տիկին Աշխէնը, որ կիսատ չթողուց իր սիրեցեալ ամուսնոյն՝ պրն. Ալեքսանին բարեգործութիւնը, այլ եղաւ զայն գերազանցողը, անընդմէջ շարունակողն ու անոր նոր տարածք տուողը։ Այս իրականութեան ամէնէն պերճախօս արտայայտութիւնն է Ազգային առաջնորդարանիս Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան բարերարութիւնը։
«Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ օրհնէ անոր վաստակը, զոհաբերութիւնն ու նուիրումը դարձնէ օրինակելի ոչ միայն իր ընտանիքի անդամներուն, այլ նաեւ մէն մի հայորդիի։ Թող այս գրքոյկը դառնայ անոր բարեգործութիւնները անմահացնող գողտրիկ յուշամատեան մը, որ մնայուն կերպով պիտի յուշէ ազնիւ հայուհիին անսակարկ նուիրաբերումները, որոնց ճամբով ան շահած է Ազգային բարերարի վեհ կոչումը։
«Արժան եւ իրաւ։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջնորդ
Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան թեմի
Օգոստոս 2008»
ՎԵՐԱ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ

Գերաշնորհ սրբազան հայրեր,
Արժանապատիւ քահանահայրեր,
Սիրելի եւ յարգելի հարազատներ եւ բարեկամներ Փիլաւճեան ընտանիքին,
Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու եւ մեր յարգանքի տուրքը տալու կեսուրմօրս՝ Աշխէն Փիլաւճեանին։
1988 թուականին մօտէն ծանօթացայ տիկին Աշխէնին։
Իբրեւ հայ կին, իր զօրաւոր ներկայութեամբ, շէն խառնուածքով, հիւրասէր եւ մարդամօտ ընդունելութեամբ մեծ տպաւորութիւն ձգեց իմ վրայ, մանաւանդ, երբ անդրադարձայ, թէ ան միեւնոյն արժէքներու տէր անձ էր, ինչ որ ես սորված էի եւ զիս փոխանցած էին ծնողքս։ Վերջապէս, երկուքս ալ մեր կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ստացած էինք հայաշունչ Հալէպ քաղաքին մէջ։
Ժամանակը ապացուցեց, որ զգացումները փոխադարձ էին, երբ ես դարձայ իր հարսը։ Ան զիս գրկաբաց ընդունեց, միասնաբար ապրեցանք նոյն տան մէջ 11 տարիներ ես, Բեգլարը, զաւակներս՝ Ալեքսը եւ Առէնը, որ բախտաւորուեցան վայելելու մեծ մօր եւ մեծ հօր ջերմ ներկայութիւնը եւ գուրգուրանքը։
Մամա Աշխէնը իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր.
– Զօրաւոր կարծիքի տէր անհատ, որ երբեք չէր տատամսեր յստակօրէն բացայայտելու իր միտքը։
– Առատաձեռն էր եւ բարի կամեցող։
– Իր ընտանիքը սրբութիւն էր իրեն համար։ Ամենամեծ ուրախութիւնն էր, երբ միատեղ կը հաւաքուէինք, մանաւանդ համտեսելով իր պատրաստած համեղ ուտելիքները։
– Ծայրայեղ բծախնդրութեամբ կը հետաքրքրուէր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամով՝ անխտիր։
– Իր խոհանոցը իր հպարտ սեփականութիւնն էր, եւ անսպառ եռանդով ճոխ սեղաններ կը պատրաստէր եւ հրաւէրներ կու տար։
– Կը սիրէր եւ կը գնահատէր մշակոյթը։ Շատ կ՛ուրախանար, երբ միասին ներկայ ըլլայինք զանազան համերգներու։
– Դաշնամուր կը նուագէր եւ միշտ կը քաջալերէր զիս, հաճոյքով մտիկ կ՛ընէր, երբ ես նուագէի։
– Շատ կը սիրէր կարդալ, մասնաւորաբար հայկական հրատարակութիւններ, կը հետեւէր քաղաքականութեան, մանաւանդ հայկական հարցերու անցուդարձին։
– Անցեալին մանկապարտէզի ուսուցչուհի ըլլալուն՝ թոռներուն խստօրէն կը յուշէր եւ կը սրբագրէր, երբ տան մէջ անոնք Ֆերահեան վարժարանէն սորված՝ արտասանէին կամ երգէին։ Մեծ ուրախութեամբ հետեւելով՝ անպայման անոնց կը հասցնէր կատարելագործութեան։
Մամա Աշխէնը բծախնդիր հոգատարութեամբ կեանքի ընկեր եղած էր իր ամուսնոյն՝ Ալեքսանին, միշտ քաջալերելով իրենց անցեալի գործունէութիւնները։ Կեսուրհօրս մահէն ետք, ան զօրաւոր թափով շարունակեց իրենց անցեալի ներդրումները, յաւերժացնելով «Փիլաւճեան» անունը, յատկապէս ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» ազգային մանկամսուրի անուանակոչութեամբ։
Մայր եւ մեծ մայր Աշխէնը կը վայելէր իր ընտանիքի գուրուրանքը եւ սէրը։ Սակայն անդրանիկ զաւակին՝ Վահրիճի, կորուստէն ետք, անոր առողջութիւնը խիստ անկում ունեցաւ։ Չնայած կրտսէր որդի Բեգլարի ապահոված խնամքի լաւագոյն պայմաններուն, մամա Աշխէնը մոմի նման հալեցաւ եւ խաղաղօրէն իր մահկանացուն կնքեց 23 Յունուար 2022ին։
Խորին շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան եւ մասնակից ըլլալուն մեր սուգին, ձեր առատաձեռն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն՝ ի յարգանս մամա Աշխէնի յիշատակին։
Ես եւ ընտանիքիս անդամները պիտի յիշենք զինք սիրով եւ երախտագիտական զգացումներով, պարծանքով՝ իր ձգած լաւ եւ մաքուր անունին։
Աստուած հոգին լուսաւորէ մամա Աշխէնին, երկնքի արքայութեան արժանանայ։
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ

Յարգելի սգակիր բարեկամներ,
2008 թուականին, Աշխէն Փիլաւճեանի ծննդեան 75ամեակի առթիւ հրատարակուել էր երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն, նկարազարդ մի գրքոյկ, ուր պատկերւում էին նրա կեանքը, ընտանեկան պարագաները, հասարակական գործունէութիւնը։ Տիկին Փիլաւճեանը՝ ազգային բարերարուհին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերի նախագահուհին, հայ դպրոցի հովանաւորը, ՀՕՄի, Հայ Դատի, Ազգային առաջնորդարանի նուիրեալը պատրաստել էր այն միայն մի քանի օրինակով, ընտանիքի եւ զաւակների համար։ Չնայած իր կատարած գործերի փառքին՝ նա ունէր զսպուածութիւն, ներքին աշխարհ, որ պահուած էր միայն իր անձի համար։ Այսօր ինձ բաժին է ընկել, աւելի ճիշդ, պատիւ է տրուել ներկայացնելու այս սիրելի տիկնոջ կենսագրութիւնը, ով եղել է քեռուս կինը, ուղեկիցս համայնքի մէջ եւ իմ ընկերուհին։
Աշխէն Հելվաճեան-Փիլաւճեանը ծնուել է Հալէպում, 15 Դեկտեմբեր 1932ին, սիվրիհիսարցի Կիրակոս Հելվաճեանի եւ էսքիշեհիրցի Վիքթորիա Գիզիրեան- Հելվաճեանի ընտանիքում։ Այնուհետեւ ծնուել է քոյրը՝ Սոնան։
Հելվաճեան քոյրերը շրջանաւարտ էին դարձել Հալէպի Կիլիկեան վարժարանից։ Յաճախում էին ֆրանսիական Ժան դ՛Արք դպրոցը։ Աշխէնը նաեւ դաշնակի դասերի էր հետեւում։ Ցանկանալով օգնել ընտանիքին, նա սկսում է որպէս ուսուցչուհի պաշտօնավարելԿրթասիրաց վարժարանում։ Հայ կաթողիկէ քոյրերի վարժարանում դասաւանդում է ֆրանսերէն, թուաբանութիւն եւ գիտական նիւթեր։ Անդամակցում է ՀԲԸ Միութեան օրիորդների յանձնախմբին։
Տարիներն անցնում էին։ Գեղեցիկ եւ աչքառու օրիորդը ստանում էր ամուսնութեան առաջարկներ։ Թեկնածուների շարքում էր նաեւ Ալեքսան Փիլաւճեանը։ Այս երիտասարդը Հալէպի ՀՄԸՄի ֆուտբոլի աստղն էր 40-50ական թուականներին, այն փայլուն շրջանին, երբ խումբը տիրանում էր յաղթանակների եւ Ալեքսանի հետ՝ եօթ անգամ դարձել էր երկրի ախոյեան: Ասպետական արտաքինով մարզիկը գրաւում է օրիորդի սիրտը։
1955 թուականի Դեկտեմբերի 5ին կազմւում է տէր եւ տիկին Ալեքսան եւ Աշխէն Փիլաւճեան ընտանիքը։ Այսպէս էր ասում տիկին Աշխէնը. «Երբ Ալեքսանին հետ ամուսնացայ՝ դարձայ ամուսինիս հաւատարիմ հետեւորդը: Անոր ճամբան դարձաւ իմ ճամբան, անոր ցաւը՝ իմ ցաւը…»: Այդ սկզբունքով էլ նրանք ապրում էին իրենց ընտանեկան կեանքը։ Ու ՀՄԸՄի «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանը որդեգրում է Փիլաւճեան զոյգը իր ուրոյն ձեւով՝ «բարձրացիր անձնական գործով եւ բարձրացուր քո ազգը»:
1956ին լոյս աշխարհ է գալիս անդրանիկ զաւակը՝ Վահրիճը։ 1959 թուականին ծնւում է երկրորդ մանչը՝ Բեգլարը։
Հայր Ալեքսանը անցել էր նոր գործի՝ լումայափոխութեան, եւ այն ընթանում էր մեծ թափով։ 1969ին ընտանիքը տեղափոխւում է Լիբանան, Պէյրութ։ Քաղաքացիական պատերազմը տեղահան է անում Փիլաւճեաններին մէկ անգամ եւս, ու 1979ին նրանք վերջնականապէս փոխադրւում են Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անջելես։
Ալեքսանը եւ Աշխէնը իրենց զաւակների հետ բնակութիւն են հաստատում Սանթա Մոնիքա քաղաքում։ Նոյն տարին պոլսահայ ընկերների հետ միասին հիմնում են Լոս Անջելեսի քաղաքամիջի St. Vincent Jewelry Center ոսկերչական կենտրոնը, որի տարողութիւնը հասնում է համաշխարհային չափանիշների։ Հետագայում այդ կենտրոնին են միանում նաեւ Ալեքսանի զաւակները։
Յաջորդ տարիներին ամուսնանում են որդիները. Վահրիճը՝ Սօսի Քիլիտճեանի հետ, իսկ Բեգլարը՝ Վերա Գամպէրեանի հետ։ Վահրիճի ընտանիքը բախտաւորւում է Հայկ եւ Հրակ մանչերով, Բեգլարի ընտանիքը՝ Ալեքս եւ Առէն որդիներով։ Թոռնիկները ստանում են համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւններ։
Տէր եւ տիկին Ալեքսան եւ Աշխէն Փիլաւճեան ամոլը շարունակում է իր բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնները։ 1999 թուականին մահանում է հայր Ալեքսանը։ Տարիներ շարունակ, ամուսնու կողքին հաւատարմօրէն, միշտ ժպիտը դէմքին կանգնած տիկին Աշխէնը կարծես մի այլ ուժ է ստանում։ Կեանքը պիտի շարունակուէր, իսկ Ալեքսանի յիշատակը վառ պիտի մնար միայն ու միայն նրա կատարած ազգային գործերի շարունակութեամբ։ Տիկին Փիլաւճեանը այն հասցնում է նոր տարողութեան եւ արդարօրէն արժանանում է ազգային բարերարուհու բարձր տիտղոսների։ Նրա աջակից ձեռքը, բացի իր ապրած վայրից, հասնում է Միացեալ Նահանգներից այն կողմ. Լիբանան՝ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, Սիրիա՝ Կիլիկեան ճեմարան, Կրթասիրաց վարժարան, Հայաստան՝ Համահայկական հիմնադրամ, ՀՕՄ, Շուշիի դպրոց, Արցախի ֆոնտ՝ բայց միշտ վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ՝ յենարան մնալու իր սիրելի զաւակներին, հարսերին, թոռներին։
Նա այն մայրն էր, ում կեանքը պայմանաւորուած էր իր զաւակներով։ Անդրանիկ որդի Վահրիճի անակնկալ մահը շատ ծանր էր, եւ իր հետեւանքներն ունեցաւ սիրասուն մօր վրայ։ Տիկին Աշխէնի համար ընտանիքը սրբութիւն էր։ Այդպէս են եղել հայ նահապետական մայրերը, եւ նրանց շնորհիւ են պահպանուել մեր ընտանիքները։
Աշխէն Փիլաւճեան Տիկինը, Մայրը, Մեծ Մայրը եւ Ազգային բարերարուհին մեկտեղուած էին նոյն անձի մէջ, եւ նա չէր կարող իրեն պատկերացնել առանց այս բաղկացուցիչներից որեւէ մէկի։ Ընտանիքը չունի վարձատրութիւններ, կոչումներ. այն բնութիւնն է ու քո անձը։ Իսկ ազգը միշտ երախտապարտ է իր նուիրեալներին։
Որպես եզրափակում մեր գրութեան՝ կ՛ուզէինք մէջբերել տարիներ առաջ, 1997 թուին, Փիլաւճեան ընտանիքին ուղղուած մի նամակ, յապաւումներով, որ գրուած էր տնօրէն , կուսակցական գործիչ, մոնթրեալաբնակ, այժմ հանգուցեալ, Եդուարդ Էլոյեանի կողմից.
«Սիրելի՛ Ալեքսան եւ Աշխէն,
«Նախ Փիլաւճեան որդի հարազատներ՝ Բեգլար եւ Վահրիճ, Փիլաւճեան ազնիւ հարսեր, Փիլաւճեա՛ն քաղցր թոռնիկներ, բարեւ եւ շնորհակալութիւն՝ ձեր բոլորին ալ: Արդէն երեք ամիսներ անցած են այն յիշատակելի օրէն, երբ վերստին իրարու հանդիպեցանք ձեր տունէն ներս, այս անգամ՝ այս հեռաւոր ափերուն վրայ կառուցուած, առաւել շքեղ, եւ սակայն միշտ հայօրէն շնչող:
«Սիրելիներ, 10 Փետրուարի Երկուշաբթին ինծի համար անմոռանալի պիտի մնայ: Այդ ի՜նչ ճոխ սեղան էր, որ բացած էիք սակաւակերիս համար: Տիկին Աշխէնը արդեօք հոգնութեան ի՞նչ գին վճարեց անոր համար:
«Պատուելու համար ձեր հարազատը՝ շրջապատած էիք զինք յարգարժան սեղանակիցներով, սրբազան ու վարդապետ, եւ դեռ արուեստագէտ ու արուես-տագիտուհիներով՝ այնքան սիրելի ինծի:
«Թերեւս նկատեցիք, որ այդ իրիկուն ես ընդհանրապէս լուռ մնացի: Հոն էի եւ հոն չէի: Կը լսէի իւրաքանչիւրդ, աչքերով կը վայելէի ամէն մէկուդ ներկայութիւնը, եւ սակայն կը լսէի այլ ձայները՝ հեռու անցեալէ մը եկող։
«Հայ եղբայրներուս յաջողութիւնը կ՛ուրախացնէ զիս…
«Կը համբուրեմ ձեզ բոլորդ, մեծ ու պզտիկ։ Շնորհակալ եմ»:
Այս նամակում յայտնուած շնորհակալութիւնից յետոյ, սիրելի տիկին Աշխէն, այսօր ընդունիր մե՛ր հաւաքական շնորհակալութիւնը քո բոլոր ծառայութիւններիդ համար եւ գտիր արժանի հանգիստդ երկնային արքայութեան մէջ։
Խունկ ու աղօթք շիրիմիդ։