Գէորգ Քէօշկէրեան

2018ին հրատարակուած Մայք Յակոբեանի վերոյիշեալ գիրքը (A Journey along lines, forms and colors) կը բաղկանայ 184 էջերէ։ Հոն մենք կը տեսնենք իր ապրումները, յուզումներն ու երազները արտացոլացնող գունաւոր իւղանկարներ՝ երեք միջավայրերէ ուր ապրած է ան ու ներշնչուած անոնց գեղեցկութենէն։
Իր ծննդավայր Լիբանանը, ժամանակ մը ապրած Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքն ու վերջնականապէս բնակութիւն հաստատած Մեծն Լոս Անճելըսը՝ կորիզը կը կազմեն իր նկարչական ստեղծագործութիւններուն։
Մայք Յակոբեանի նկարներուն ընդմէջէն կարելի է հաստատել, որ անոր սիրտին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն իր ընտանիքը, ապրած միջավայրը եւ անշուշտ ազգն ու հայրենիքը՝ իր ցաւերով եւ երկար ժամանակի վրայ խարսխուած տուայտանքներով։
ԱԶԳ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Բաւ է դիտել «Օսմանցի մարդասպանը» (էջ 95), «Հայկական գահատոհմերու անկումը» (էջ 97), «1988ի Հայաստանի երկրաշարժը» (էջ 139), «Հայկական պարը» (էջ 162), «Սայաթ Նովա»ն ու «Քամանչա»ն (էջ 79), Աշուղ Ջիւանին ու իր «Ձախորդ Օրերը» (էջ 93) եւ «Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւն»ը (էջ 136), որպէս ապացոյց իր ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան։
Դիտեցէք «Հայկական գահատոհմերու անկումը» նկարը եւ պիտի տեսնէք, թէ ամէն ինչ խորհրդանշական է հոն՝ թագադիր թագաւորին գլուխը մէկ կողմ եւ պետականութիւնը ներկայացնող արծիւը, միւս կողմ։ Սա անջատումը ինքնին՝ թագաւորութեան անկումին ապացոյցն է։
ԸՆՏԱՆԻՔ
Ուրիշ բնագաւառ մը, որ Մայք ընտրած է որպէս պաստառ իր զգացումներու արտայայտութեան՝ իր ընտանիքի անդամներն են։ Հայրը (էջ 69), մայրը (էջ 71) եւ եղբայրը (էջ 73)։ Իսկ ամբողջացնելու համար իր ընտանեկան ալպոմը, անշուշտ բնական է, որ իր ինքնադիմանկարն ալ (էջ 99) ըլլայ հոն։
Յակոբեանի դիմանկարները այնքան հարազատ են՝ իրենց խօսուն արտայայտութիւններով, որ կարծես իրապէս դէմդ նստած են եւ պատրաստ՝ զրուցելու հետդ…
ՄԻՋԱՎԱՅՐ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Միջավայրի եւ անոր բնութեան պաստառները կը ներկայացնեն հոն, ուր Յակոբեան ապրած է՝ Լիբանան, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ։

Լիբանանէն մի քանի իւղանկարներ`ի միջի այլոց, յատկանշական են՝ «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը» (էջ 124), «Վասն Լիբանանի սիրոյն» (էջ 125) եւ «Շուն գետը» (էջ 60): «Վասն Լիբանանի սիրոյն» իւղանկարը կը ներկայացնէ Պուրճի հրապարակը՝ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ։
Յակոբեան որքան կապուած է իր հայրենիքին՝ նոյնքան ալ կապուած է իր ծննդավայր Լիբանանին, որուն քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ որ ան՝ իր ընտանիքին հետ միատեղ, վերջնականապէս հեռանայ հոնկէ եւ հաստատուի հեռաւոր ամերիկայի մէջ։
Ան Ամերիկայի մէջ շարունակեց զարկ տալ եւ նոյնիսկ աւելի ծաղկեցնել գեղանկարչական իր արուեստը եւ ահա գիրքի մը մէջ ան պարփակեց իր ստեղծագործութիւնները, որոնք գնահատուեցան թէ՛ արուեստի քննադատներու եւ թէ ալ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ։
Ֆրանսայի իւղանկարները կը ներկայացնեն մեծաւ մասամբ Մարսէյ քաղաքը, ուր կ՛ապրէր Մայքի քոյրը եւ ուր յաճախ այցելութեան կ՛երթայ Մայք։
Դիտեցէք Մարսէյ քաղաքը ներկայացնող իւղանկարներէն ձկնորսներու տեսարանը (էջ 65), հին նաւահանգիստը (էջ 41), նեղ փողոց մը՝ Մարսէյի շրջակայքէն Գասիսի մէջ (էջ 77) եւ վերջապէս քաղաքի նշանաւոր եկեղեցին (Notre-Dame De La Garde, էջ 84), որ կը գտնուի բարձր բլուրի մը վրայ։
Կարծես կապոյտ ծովն ու հին փողոցները հրապուրած են Յակոբեանը, որուն իւղանկարներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք անոնց՝ ըլլայ Լիբանանի, Ֆրանսայի թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Գալով Ամերիկային, բնական է, որ Յակոբեանի իւղանկարները արտացոլացնեն արեւմտեան ափի քաղաքները, ուր ան հաստատուած է եւ կը գործէ։
Դիտեցէք Colorado կամուրջը (էջ 59), որ կը գտնուի Փասատինա քաղաքին մէջ եւ որ ժամանակին նշանաւոր դարձած է որպէս ինքնասպանութեան վայր։ Յաջորդը՝ San Gabriel գետն է (էջ 62), որ մեծ գետ մը չէ եւ ամառները կը չորնայ։ Հուսկ ապա դիտեցէք Sunny California (էջ 89) իւղանկարը, որը յատկանշական է հոն տեղաւորուած «Քալիֆորնիան մի՛ աղտոտէք» ցուցատախտակով։
Այս բոլորէն զատ կան նաեւ շատ մը իւղանկարներ, տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող։ Օրինակ՝ պտղամանը (էջ 87), ծաղկամանը (էջ 91) եւ ջութակ նուագող միմոսը (էջ 96)։ Այս վերջինը՝ ըստ ինծի, կը ներկայացնէ Յակոբեանի սուր երեւակայութիւնը, ուր միմոսի դէմքը միայն (աչք, քիթ եւ բերան) կը գտնուի ջութակին վրայ։ Մէկ խօսքով՝ ջութակն ու միմոսը գիրկընդխառնուած են իրար մէջ, ստեղծելով հաճելի նորութիւն մը։
Յակոբեանի բոլոր իւղանկարները յատկանշական են գոյներու ներդաշնակութեամբ եւ պատկերներու հարազատութեամբ։ Նկատելի է նաեւ այն հանգամանքը, որ դիմանկարներէն զատ մարդոց դէմքերէն չգոյ են անոնց բնորոշիչ աչքերը, քիթերն ու բերանները։ Բայց ինչո՞ւ, որովհետեւ արուեստագէտը կ՛ուզէ, որ դիտողը ամբողջացնէ զայն՝ ըստ իր երեւակայութեան եւ այդ դէմքին՝ իր վրայ ձգած տպաւորութեան։
Իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր ներաշխարհի զգացումները արտայայտելու ինքնուրոյն ձեւ մը ունի։ Կան արուեստի զանազան դպրոցներ՝ ինչպիսին են տպաւորապաշտականը (impressionist), վերացականը (abstract), գերիրապաշտականը (surrealist) եւ խորհրդանշականը (symbolic)։ Մայք Յակոբեանի արուեստը ունի այդ դպրոցներուն յատկանիշները՝ սակայն ոչ մէկուն կը պատկանի, այլ կարծես անոնց համախմբումով՝ ստեղծած է իր անձնական դպրոցը։
Ուրախ եմ յայտնելու, որ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, որ ընդունուած է որպէս «Մշակոյթի ամիս», տեղի պիտի ունենայ վերոյիշեալ գիրքին շնորհանդէսը, Մայք Յակոբեանի իւղանկարներուն ցուցահանդէսը եւ իր յօրինած երգերուն փառատօնը, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հետեւեցէք մամուլի յայտարարութեանց։